Մինսկի Մանուկներու կեդրոնը Մինսկի Մանուկներու կեդրոնը 

Քահանայապետին մօտիկութիւնը Պիելոռուսիոյ։ Գերապայծառ Կալլակէր Մինսկի մէջ։

Գերապայծառ Կալլակէրի օրակարգը կը նախատեսէ տարբեր հանդիպումներ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մի քանի շաբաթներէ ի վեր Պիելոռուսիան կը գտնուի քաղաքական բարդ իրավիճակի մը մէջ։ Երկրին նախագահ Լուքաշենքոն խիստ քննադատութիւններու առարկայ է ընդդիմութեան կողմէ։ Եւրոպան կողմերը կը հրաւիրէ երկխօսութեան մինչ երկրին մէջ ցոյցերը կը շարունակուին։ Ահա այս պայմաններուն մէջ է որ Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ Գերապայծառ Փօլ Կալլակէր կը ժամանէ Մինսկ, տեղական կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու երկրին արտայայտելու Ֆրանչիսկոս Պապին հայրական հոգատարութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Կալլակէրի օրակարգը կը նախատեսէ տարբեր հանդիպումներ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն հետ։ Թէեւ Ան պիտի չի կարենայ հանդիպիլ՝ Մինսկի առաջնորդ  գերապայծառ Թատէուս Քոնտրուսիեվիչին հետ որ անցեալ 31 օգոստոսէն ի վեր կը գտնուի Լեհաստանի մէջ, ուր գացած էր գլխաւորելու համար Չեսթոքովայի Տիրամօր ի պատիւ արարողութիւն մը եւ չի կարողացաւ վերադառնալ իր նստավայրը իշխանութիւններուն կողմէ իր դէմ հրապարակած մուտքի արգելքի մէկ որոշումի պատճառաւ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը որ չի յոգնիր միշտ կրկնելէ ու աշխարհին համար հայցելէ խաղաղութիւն, անցեալ  16 օգոստոս 2020-ին Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Պիելոռուսիոյ բնակչութիւնը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին կոչ ուղղած էր որպէսզի կողմերը դիմեն երկխօսութեան, մերժեն բռնութիւնը ու յարգեն արդարութիւնը։

Երկու օր ետք 18 օգոստոսին Եւրոպայի եպիսկոպոսներու Խաղաղութիւն եւ Արդարութիւն գործադիր վարչութիւնը, ի տես միշտ աւելիով բարդացող կացութեան, կոչ ղուղած էր բոլոր քրիստոնեաներուն  միանալու Պիելոռուսիոյ ժողովուրդին համար Հայր մեր աղօթքին, որպէսզի գերակայեն ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը  եւ խաղաղութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2020, 09:00