Որոնել

Երանելի Քոյր Մարիա Լուիճիա Երանելի Քոյր Մարիա Լուիճիա 

Իտալացի «տնային կրօնաւորուհի» Քոյր Մարիա Լուիճիա երանելի կը դառնայ։

Քոյր Մարիա հասկանալով Տիրոջ կամքը , որ է սփոփել ու յոյս ներշնչել, 1878ին կը հիմնէ «Սուրբ Խաչի երկրպագու քոյրեր»ու միաբանութիւնը

Շաբաթ, սեպտեմբեր, 26-ին, Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ Աստուծոյ աղախինՄարիա Լուիճիա Տէլ Սանթիսիմօ Սաքրամենքօ-ի երանացման արարողութիւնը, նախագահութեամբ Նափոլի թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քրեշենցօ Սեփէին։

Ունկնդրէ լուրը

Աւազանի անունով Մարիա Վելոթթի, փոքր տարիքին իր հօր ու մօր վաղահաս մահով որբ կը մնայ ու հասակ կ՝առնէ իր մօրաքրոջ տան մէջ։

Նափոլի քաղաքի Սոքավօ գիւղի մէջ ծնած փոքրիկ աղջկան մանկութիւնը կը բնորոշուի տառապանքներով, դժուարութիւններով՝ կրած մօրաքրոջ ու անոր ազգականներուն կողմէ, ընտանեկան եւ ժառանգական հարցերու բերումով։ Մօրաքոյրը անոր հետ շատ խիստ վերաբերմունք կ՝ունենայ՝ անարգելով եւ ենթարկելով զայն կեանքի խիստ պայմաններուն։

Կը պատմուի,  թէ կիրակի օրերը, քոյր Մարիայի մօրաքոյրը, անմեղ աղջկան նոր կօշիկները թաքցնելով կը ստիպէ զայն եկեղեցի բոպիկ երթալ։ Այս բոլոր չարչարանքները, ապագացու կրօնաւորուհին մէջ կ՝արթնցնեն հնազանդութեան եւ յարգանքի զգացումները, յատուկէն ուրիշին տառապանքը ՝կիսելու ու ամոքելու վսեմ փափաքը։

Մի քանի տարի ետք, քոյր Մարիա կ՝որդեգրուի զոյգի մը կողմէ , որոնց բնակարանին մէջ ամբողջութեամբ ինքզինք Աստուծոյ կը նուիրէ ապրելով հայեցողական կեանք եւ դառնալով այսպէս կոչուած «տնային կրօնաւորուհի» մը։

1853ին, Քոյր Մարիան հազիւ գրել կարդալ գիտէր կը մտնէ երրորդ կարգի Ֆրանչեսքեաններուն վանքը ուր գովասանքի կ՝արժանանայ վանահայրերու ու քահանաներու կողմէ, որոնք քոյր Մարիային մէջ կը տեսնեն օժտուած յատուկ անձ  մը։ Քոյր Մարիա խուսափելու համար ուրիշներուն գովասանքներէն կը որոշէ ճգնաւորական կեանք ապրիլ իր տան մէջ։

Ան չբաւարարուելով հայեցողական կեանք ապրելէ, Տիրոջ կոչին կ՝ընդառաջէ  եւ կը սկսի այցելել հիւանդները,  կ՝ունկնդրէ չքաւորներու կարիքները,  յատուկէն երիտասարդներունը։

Քոյր Մարիա հասկնալով Տիրոջ կամքը ,որ է սփոփել ու յոյս ներշնչել, 1878ին կը հիմնէ «Սուրբ Խաչի երկրպագու քոյրեր»ու միաբանութիւնը,  հաստատուելով վերջնականապէս Քազորի գիւղին մէջ ՝ուր  իր մահկանացուն կը կնքէ 1886ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2020, 10:46