Կարդինալ Սանտրիին այցը Սուրբ Երկիր - Հոկտեմբեր 2019 Կարդինալ Սանտրիին այցը Սուրբ Երկիր - Հոկտեմբեր 2019 

Կարդինալ Սանտրիին կոչը «առատաձեռնութեան ուխտագնացութեան» ի նպաստ Սուրբ Երկրին։

«Առողջապահական ու տնտեսական ներկայ ճգնաժամին ի տես կարելի չէ այս պատուհասէն դուրս գալ առանց զօրակցութեան» հաստատած է Կարդինալ Սանտրին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի տես համաճարակի բերումով Սուրբ Երկիրը այցելելու ներկայ դժուարութիւններուն, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ  Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի կոչ ուղղած է «առատաձեռնութեան ուխտագնացութիւն» կատարելու ֆինանսական օժանդակութիւն տրամադրելով  Քրիստոնեաներու գոյատեւումին՝ այն վայրերուն մէջ ուր Յիսուս ապրեցաւ։

«Առողջապահական ու տնտեսական ներկայ ճգնաժամին ի տես կարելի չէ այս պատուհասէն դուրս գալ առանց զօրակցութեան» հաստատած է Կարդինալ Սանտրին՝ Սուրբ Երկրի պահակութեան կայքէջին վրայ 8 սեպտեմբերին հրապարակուած իր կոչին մէջ, ի տես «Սուրբ Երկրի ի նպաստ» դրամահաւաքին որ նախատեսուած է յառաջիկայ 13 սեպտեմբեր 2020-ին։

Ընդգծելով ապա Արեւելքի Քրիստոնեաներուն համար վերոնշեալ դրամահաւաքի կարեւորութիւնը Կարդինալ Սանտրի առաջարկեց որ «ֆիզիկական» տարեկան ուխտագնացութիւնը դառնայ աղօթքի ու հոգեւոր ուխտագնացութիւն, առատաձեռնութեան ուխտագնացութիւն։ Առատաձեռնութիւն մը որ կը պատկանի աղքատներուն, հեզերուն, հարուստներուն, բոլորին, ամէն մին իր կարողութեան համաձայն, վառ պահելու համար Սուրբ Վայրերը ուր Յիսուս ապրեցաւ։

Նշենք որ Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաքը հաստատուած է Պօղոս Զ Քահանայապետի կողմէ ու ան ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենար Աւագ Ուրբաթ օրը, ու սահմանուած է մերձակայ արեւելքի քրիստոնեաներուն։ Այս տարի Քովիտ 19 համաճարակի պատճառաւ թուականը տեղափոխուեցաւ Սեպտեմբեր ամսուայ երկրորդ կիրակիին որ կը զուգադիպի Խաչվերացի տօնին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2020, 09:54