Որոնել

Խաղաղութեան խորհրդանիշ աղաւնիներ Խաղաղութեան խորհրդանիշ աղաւնիներ 

Միջազգային Քարիթասը. Առաջնահերթութիւն տալ խաղութեան եւ մարդոց միջեւ ներդաշնակութեան։

Խաղաղութեան համաշխարհայինն օրուան առթիւ որ կը նշուի 21 սեպտեմբերին, Միջազգային Քարիթասը կոչ մը յղած է համայն աշխարհի մէջ հակամարտութիւններու դադրեցումին համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Վերջ դնել պատերազմներուն եւ բռնութիւններուն համայն աշխարհի  մէջ ու յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ» եւ «խթանել երկխօսութիւնը քաղաքական լուծում գտնելու համար բոլոր  հակամարտութիւններուն». Միջազգային Քարիթասի կոչն է սա, որ հրապարակուեցաւ Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուան առթիւ զոր հաստատուած է 30 նոյեմբեր 1981 ՄԱԿ-ի  ընդհանուր ժողովի կողմէ եւ կը նշուի ամէն տարուայ 21 սեպտեմբերին, որ կը զուգադիպի նաեւ ՀՀ անկախութեան տարեդարձի թուականին։

Հրապարակուած հաղորդագրութեամբ Կաթողիկէ բարեսիրական կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ուղղէ վերացնելու Սուրիոյ դէմ տնտեսական պատժամիջոցները ու կոչ կ՛ուղղէ նաեւ որպէսզի  քաղաքական ղեկավարները  քաջալերուին ու բանակցային սեղանի շուրջ նստին։ Ան ապա հրաւէր կ՛ուղղէ խթանելու խաղաղութիւնը հակամարտութեան թիրախ շրջաններուն մէջ ու զարգացումի համար երաշխաւորել միջազգային օգնութիւններ, ստեղծելով ուսմունքի եւ աշխատանքի հնարաւորութիւններ, յատկապէս երիտասարդներուն համար։

Միջազգային Քարիթասը հուսկ կը խրախուսէ «սատարելու կրօնական ղեկավարներու յանձնառումին, ի նպաստ միջկրօնական երկխօսութեան խթանումին»։

Կաթողիկէ կազմակերպութիւնը ապա կը նշէ թէ անցեալի յուշը պէտք է մեզ մղէ դարձի ու մղէ նաեւ ձգտելու աշխարհի մը, ուր խաղաղութիւնն ու ներդաշնակութիւնը կարող ըլլան սատարել մարդկային համապարփակ զարգացումին։

Վերյիշելով ապա Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը թէ «իւրաքանչիւր պատերազմ եղբայրասպանութիւն է, որ կը կործանէ եղբայրութեան նոյնինքն ծրագիրը, որ արձանագրուած է մարդկային ընտանիքի կոչումին մէջ», միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւնը կը վերահաստատէ թէ խաղաղութիւնը մշակոյթ մըն է, որ պէտք է մշակել, բաժնեկցիլ եւ ապրիլ ընկերութեան բոլոր մակարդակներու  վրայ։

Ասոր համար է՝ որ Քարիթասը յանձնառու է խթանելու խաղաղութիւնը, տեղական հասարակութիւններու վերակառուցումի միջոցաւ, որոնք իրենց եղբայրութիւնը կ՛ապրին երկխօսութեամբ եւ բանակցութեան միջոցաւ» գրուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ նշուած է թէ Քարիթասը ներշնչում կը քաղէ Պօղոս Զ պապի  «Populorum Progressio» շրջաբերականէն ուր երջանկայիշատակ Քահանայապետ կը գրէ. «զարգացումը խաղաղութեան նոր անունն է»։

Քարիթասը հուսկ կ՛ընդգծէ «ժամանակաշրջանի մը մէջ ուր Քովիտ19 ժահրը մեր մէջ բացայայտեց դիւրաբեկութիւնը ու համայն մարդկութիւնը միացուց վիրուսի դէմ պայքարի մէջ, պէտք է պայքարինք ի դէմ ամէն տեսակ բաժանումի եւ ատելութեան ու գործել, ինչպէս կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը, ի դէմ վախի եւ անվստահութեան, որոնք կը տկարացնեն յարաբերութիւնները եւ կ՛աճեցնեն բռնութեան սպառնալիքը»։

Կաթողիկէ կազմակերպութեան համար առաջնահերթութիւն է ամէն մէկ մարդ անհատի խաղաղութեամբ, ներդաշնակութեամբ ու կեանքը արժանապատուութեամբ ապրելու ձգտումը, եւ ասոր համար համայն աշխարհին մէջ կը ծրագրէ յատուկ ձեռնարկներ խթանելու եւ հետապնդելու  համար վերոնշեալ նպատակները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2020, 08:25