Որոնել

Կաշառակերութիւն Կաշառակերութիւն 

«Կաշառքը իսկական սպառնալիք է խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար». Սուրբ Աթոռ։

ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր հաւաքի առթիւ գերապայծառ Պալվօ կոչ ուղղեց գործելու ի նպաստ հասարակաց բարիքին առանց բացառելու դիւրաբեկները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ԵԱՀԿ-ի տնտեսութեան եւ բնապահպանութեան նուիրուած Փրակի մէջ կայացած եզրափակիչ 28-րդ Ֆորումի ընթացքին կաշառակերութեան դէմ պայքարը հանդիսացաւ Սուրբ Աթոռի միջամտութեան կեդրոնական նիւթը։

Ունկնդրէ լուրը

Չեխիոյ հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ եւ ԵԱՀԿ-ի  մօտ Վատիկանեան պատուիրակութեան ղեկավար գերապայծառ Շարլ Պալվօ Ֆորումին առթիւ ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ ընդգծեց թէ «կաշառակերութիւնը իսկական սպառնալիք մըն է խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար»։  Ան ակնարկեց նաեւ Քովիտ 19ի դէմ պայքարելու համար տրամադրուած մեծաքանակ միջոցներուն, որոնք, նշեց ան, արդեն ներգրաւած են «քրէական» գործերով զբաղող խմբակցութիւններ, այն  վտանգով՝ որ անոնք, որոնք առաւել կարիք ունին ֆինանսական աջակցութեան մնան առանց այդ անհրաժեշտ օգնութիւններուն։

«Պէտք է անկեղծ ըլլանք եւ ճանչնանք թէ կաշառակերութիւնը տարբեր չափանիշերով գոյութիւն ունի ԵԱՀԿ-ի մաս կազմող իւրաքանչիւր պետութեան մէջ, որովհետեւ միայն ճանչնալով այս ախտին գոյութիւնը կարող կ՛ըլլանք անոր դէմ պայքարիլ»։

Ասկէ մեկնելով գերապայծառ Պալվօ հրաւէր ուղղեց որոնելու նոր եւ արդիական լուծումներ, որոնք չըլլան բաժանող, քաղաքականացուած, այլ իսկապէս փնտռեն հասարակաց բարիքը ու բոլորի մարդկային համապարփակ զարգացումը։

Այս ուղղութեամբ Սուրբ Աթոռը կը յիշեցնէ որ Ֆրանչիսկոս Պապը 2020-ի Յունիսի մէկին հրապարակեց ինքնագիր նամակ մը հայող Վատիկանի Պետութեան հանրային պայմանագիրերու շնորհման ընթացակարգերու թափանցիկութեան, վերահսկողութեան և մրցակցութեան, նպատակ ունենալով «նուազեցնել կաշառակերութեան սպառնալիքը»։

«Քահանայապետի այս որոշումը ի յայտ կը դնէ թէ երբ պետական ​​ծառայողները կը գողնան կամ կը յափշտակեն  պետական ​​միջոցները, այս մէկը ազդեցութիւն ունի համայն հասարակութեան վրայ, որուն անոնք կը ծառայեն» նշեց Գերապայծառ Պալվօ ապա թելադրեց կաշառակերութիւնը հակազդել նաեւ «մշակոյթով, դաստիարակութեամբ, կազմաւորումով ու քաղաքացիներու մասնակցութեամբ» որովհետեւ «օրէնքները անհրաժեշտ են՝ բայց ոչ բաւարար։

Անհրաժեշտը այն է «համարձակութեամբ գործել ցնցելու համար խիղճերը», որպէսզի անոնք «համատարած անտարբերութիւնէն անցնին դէպի այդ երեւոյթներու ծանրութեան ընկալումը, անոնց դէմ պայքարելու համար» շեշտեց գերապայծառ Պալվօ։ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2020, 07:19