Պուրքինա Ֆազոյի եպիսկոպոսները Պուրքինա Ֆազոյի եպիսկոպոսները 

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Ուժի մէջ մտաւ եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակին հայող Սուրբ Աթոռ-Պուրքինա Ֆազօ համաձայնագիրը:

«Յատուկ օրէն կը ճանչցուի Եկեղեցւոյ ու անոր կառոյցներուն հանրային իրաւական ինքնութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր՝ 7 սեպտեմբեր 2020-ին, Սուրբ Աթոռի մօտ Պուրքինա Ֆազոյի դեսպանատան պաշտօնական հաղորդագրութեամբ, աւարտեցաւ անցեալ 2019-ի Յուլիսի 12-ին Վատիկանի մէջ ստորագրուած՝  եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակին հայող համաձայնագիրի վաւերացման գործիքներու փոխանակման կարգը, ընդմէջ Սուրբ Աթոռին եւ Պուրքինա Ֆազոյի պետութեան»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը դիտել տալով թէ վերոնշեալ համաձայնագիրը ուժի մէջ կը մտնէ այսօր՝ անոր թիւ 18 յօդուածի հիման վրայ, որ Եկեղեցւոյ կ՛երաշխաւորէ իրաւունք Պուրքինա Ֆազոյի մէջ կատարելու իր առաքելութիւնը։

«Յատուկօրէն կը ճանչցուի Եկեղեցւոյ ու անոր կառոյցներուն հանրային իրաւական ինքնութիւնը» կը նշուի հաղորդագրութաեն մէջ հաստատելով թէ «երկու կողմերը, պահպանելով իրենց ինքնուրոյն անկախութիւնն ու ինքնավարութիւնը, յանձնառու են իրարու հետ համագործակցելու յանուն մարդու բարոյական, հոգևոր և նիւթական բարեկեցութեան և ընդհանուր բարիքի խթանման»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2020, 11:30