Մարդավաճառութիւն Մարդավաճառութիւն 

Սուրբ Աթոռը «Ամրապնդել գործընկերութիւնն ու համագործակցութիւնը, պայքարելու համար մարդավաճառութեան դէմ։

Աթոռի դիւանագէտը նկատել տուաւ ,որ մարդավաճառութեան զոհերը աշխարհի կողմէ ամենէն շատ  մոռցուած ու լքուած անձերն են, ահռելի վէրք մը, բացուած ժամանակակից ընկերութեան մէջ։  

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարդավաճառութեան դէմ պայքարելու լաւագոյն զէնքը կը կայանայ Պետութիւններու միջեւ  գործընկերութիւնն ու համագործակցութիւնը  ամրապնդելու մէջ։ Այս մասին հաստատեց, ՄԱԿ-ի Եւորպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Ժանուս Ուրպանչիք,  կազմակերպութեան 1277-րդ նիստի, մարդավաճառութեան մասին ունեցած իր ելոյթին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը նկատել տուաւ ,որ մարդավաճառութեան զոհերը աշխարհի կողմէ ամենէն շատ  մոռցուած ու լքուած անձերն են, ահռելի վէրք մը, բացուած ժամանակակից ընկերութեան մէջ։  

Յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը, Գերապայծառ Ուրպանչիք նկատել տուաւ որ մարդավաճառութիւնը անձերը կը վերածեն վաճառուած եւ տարբեր ձեւերով շահագործուած ապրանքներու։

Ան յիշեց թէ աշխարհի մէջ  կան մարդավաճառութեան թիրախ աւելի քան 10 միլիոն զոհ, որոնց մեծամասնութիւնը 18 տարեկանէն տակ են, մինչ սեռային շահագործումի թիրախ մանուկները  8 տարեկանէն նուազ են։
Գերապայծառ Ուրպանչիք կատել տուաւ որ Քովիտ 19 համաճարակը փոխեց մարդավաճառութեան սովորական կերպերը , բազմապատկելով հաղորդակցութեան եւ համացանցի օգտագործումը, որ նպաստեց ընկերային եւ տնտեսական համակարգէն ներս անհաւասարութիւններ, որ մարդավաճառութեան մեծագոյն պատճառներէն մին է։

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ ապա մարդավարութեան դէմ պայքարին ծիրէն ներս  անհրաժեշտ  նկատեց երեք գործողութիւններ.  պաշտպանել , կանխատեսել, եւ հետապնդել, յորդորելով պետութիւններու միջեւ գորընկերութեան եւ գործակցութեան ամրապնդումը։

Ի վերջոյ Սուրբ Աթոռի  ներկայացուցիչը մաղթեց, որ պետութիւնները  իրենց  միջեւ կիսեն մարդավաճառութեան մասին կարեւոր տեղեկութիւնները, պատրաստելով ընդհանուր պատասխան մըն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2020, 13:40