«Խաղի մէջ մտնենք», ֆրանչիսկոս Պապին մարզանքի մասին խոկումները բովանդակող փոքրիկ հատորը։

Փոքրիկ հատորը ուղեցոյց  է մարզանքն ու կեանքը ապրելու՝  մարզպետի մը շօշափելի ցուցմունքներուն համաձայն ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին։  

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի տպագրատունը լոյս ընծայեց մարզանքի մասին ֆրանչիսկոս Պապին խոկումները բովանդակող փոքրիկ հատոր մը ՝ «Խաղաղի մէջ մտնենք» վերնագիրով։

Ունկնդրէ լուրը

Փոքրիկ հատորը ուղեցոյց  է մարզանքն ու կեանքը ապրելու՝  մարզպետի մը շօշափելի ցուցմունքներուն համաձայն ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին։  

Պարզ եւ գեղեցիկ ոճով գրուած ու պատրաստուած փոքրիկ հատորը կը  բովանդակէ Ֆրանչիսկոս Պապին մարզիկներու հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին եւ  մարզանքի մասին յղած ճառերէն քաղուած խոկումներ, որոնք օգտակար են հոգեւորական մարզանքի համար։

Հատորին նախաբանը կը կրէ մարզանքի աշխարհէն 3  համաշխարհային ախոյեաններու  ստորագրութիւնները՝ Ֆրանչեսքօ Թոթիի,, Թեկլա Լուրփի, եւ Ալեքս Զինարտիին ստորագրութիւնները։


Յայտնենք ,թէ «Խաղաղի մէջ մտնենք» փոքրիկ հատորը մաս կը կազմէ անցեալ մայիս 20-ին , Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ձեռնարկուած «Միասին վազենք» ծրագիրին։

Վատիկանի Մարզիկներու խմբակի յանձնուած միասին վազենք ծրագիրին  ծիրէն ներս իրականացուեցաւ  մարզական աճուրդ , որուն հասոյթը տրամադրուեցաւ Քովիտ 19ին դէմ պայքարելու ձեռնարկին։
Գիրքին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբեր 7ին, հանդիսավարութեամբ, Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողով  խմբագրկանի փոխ տնօրէն Տիար Ալեսանտրօ Ճիզոթիի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2020, 12:49