Միսիոներական համաշխարհային օր Միսիոներական համաշխարհային օր 

Հաստատուած է միսիոներական համաշխարհային օրուան նշումը։

Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք՝ թէ «այս տարի միսիոներական համաշխարհային օրը պիտի նշուի 18 հոկտեմբեր 2020-ին»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ի պատասխան 2020-ի միսիոներական համաշխարհային օրուայ նշումին հայող տարբեր հարցումներուն Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովը կը հաստատէ թէ՝ այս տարի ան տիեզերական կերպով պիտի նշուի յառաջիկայ 18 հոկտեմբերին, առանց օրակարգի փոփոխութեան»։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ թէ այդ ուղղութեամբ թեմերու մէջ պատրաստութիւնները սկսած են ժամանակէ ի վեր ու թէ հաւատքը իր բնոյթով միսիոներական է ու թէ «միսիոներական համաշխարհային օրուան նշումը կը ծառայէ բոլոր հաւատացեալներուն մէջ կենդանի պահելու քրիստոնէական հաւատքին հիմնական այս չափանիշը»։

Ժողովուրդներու Աւետարանութեան ժողովը ապա յիշեցնելով եպիսկոպոսներուն պատասխանատուութիւնը ու հաղորդութեան իմաստը կ՛ընդգծէ կարեւորութիւնը այդ օրուան դրամահաւաքը յատկացնելու «քահանայապետական առաքելական գործունէութիւններուն» որոնք կը գործեն թիկունք կանգնելու միսիոներական տարածաշրջաններու մէջ գործող եկեղեցիներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2020, 13:23