Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Սուրբ Աթոռի աշխարականներուն ժողովին անդամներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Սուրբ Աթոռի աշխարականներուն ժողովին անդամներուն հետ։ 

Սուրբ Աթոռի աշխարականներուն ժողովը «Վաճառականութիւնը թող ընդհանուր բարիքը պաշտպանէ»։

Դրամատիրական տնտեսականութիւնը չ՝առաջնորդեր անհատներու երջանկութեան, եւ ոչ ալ ընդհանուր բարքին եւ չ՝ապահովեր մարդկային համապարփակ զարգացումն ու ընկերային ներառականութիւն, այլ  ետին կը թողու աղքատները, մեկուսացուցեալները եւ բոլոր անոնք որոնք դժուարութեան մէջ կը գտնուին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի պատրաստութիւն յառաջիկայ 19-էն-21 նոյեմբերին, Ասիզզի մէջ կայանալիք, «Ֆրանչիսկոս Պապին տնտեսականութիւն» հանդիպումին, տեղի ունեցաւ «Երջանկութեան համար քաղաքականութիւններ» նիւթով դասախօսութիւններ, որոնց շարքին, պատկերասփռուած պատգամով ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Աթոռի աշխարականներու ժողովի ենթաքարտուղար Կապրիելլա Կամպինոն։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ ան ընդգծեց ընդհանուր բարիքին կարեւորութիւնը, ըմբռնուած ոչ իբրեւ յատուկ բարիքներուն ընդհանուր գումարը, այլ իբրեւ անբաժանելի բարիք, որ կարելի է ձեռքբերել, աճեցնել ու պահպանել՝ լոկ միասնաբար, որ ինքնիր մէջ  նպատակ մը չէ, այլ կը ծառայէ անձին լիակատար իրականացման, եւ ոչ թէ պարզապէս ընկերա տնտեսական բարօրութեան։

Աշխարականներու ժողովի ենթաքարտուղար ապա լուսարձակի տակ առաւ ընդհանուր բարիքի, ընտանիքի ՝հիմնուած այր մարդու եւ կնոջ միջեւ եւ տնտեսականութեան միջեւ գոյացուած սերտ կապը նշելով , թէ տնտեսականութիւն բառը յառաջ կու գայ Յունարէն լեզուէն որ կը նշանակէ ընտանիքի, տան  մատակարարումի արուեստ,  աւեցնելով նաեւ ,  որ ընտանիքը ի վիճակի է առաքինի կեցուածքներ ստեղծել՝ վաճառականութեան ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ սերունդներու միջեւ բաժնեկցութիւն ու զօրակցութիւն ցուցաբերել  եւ ասոր ապացոյց է համաճարակի փորձառութիւնը, որովհետեւ ընտանիքն է, որ թիկունք կանգնեցաւ ու դիմագրաւեց համաշխարհային տագնապէս յառաջացած,  առողջապահական ու տնտեսական դժուարութիւնները։։

Ինչ կը վերաբերի դրամատիրական տնտեսականութեան, Սուրբ Աթոռի աշխարականներուն ենթաքարտուղար նկատել տուաւ, որ այդպիսի տնտեսականութիւն մը չ՝առաջնորդեր անհատներու երջանկութեան, եւ ոչ ալ ընդհանուր բարքին եւ չ՝ապահովեր մարդկային համապարփակ զարգացումը եւ ընկերային ներառականութիւն, այլ  ետին կը թողու աղքատները, մեկուսացուցեալները եւ բոլոր անոնք որոնք դժուարութեան մէջ են։

Սուրբ Աթոռի աշխարականներու ժողովին ենթաքարտուղարը պատկերասփռուած պատգամի մէջ. նկատել տուաւ , որ ընտանիքը  բեռ մը չէ եւ այլ գլխաւոր շարժիչ ուժն է, որ կարողէ է կայունութիւն ու անվտանգութիւն ապահովել , սատարելով տնտեսական համակարգին ։

Ան պատգամը աւարտեց յորդորելով աշխատիլ վաճառականութեան մը համար, տեղ տալով անձերու միջեւ հանդիպումին, ու մակակարել  թափանցիկ եւ վստահելի ձեւով , հիմնուելով բաժնեկցութեան, զօրակցութեան եւ հաղորդութեան սկզբունքներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2020, 12:05