Քիւրէ Տարսի Սրբավայրը Քիւրէ Տարսի Սրբավայրը 

Ֆրանսայի Քիւրէ Տ՛արսի սրբավայրին մէջ Կարդինալ Փարոլինի սուրբ պատարագը եւ դասախօսութիւնը։

Արս կեցութեան առթիւ Կարդինալ Փարոլինը բացումը պիտի կատարէ նաեւ Քոնկոլացի Կարդինալ՝ Էմիլի Պիյենտայի նուիրուած մէկ մասնաճիւղին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ օգոստոսի 15-ին Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Լուրտի Մարեմեան Սրբավայրին մէջ պիտի նախագահէ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին Սուրբ Պատարագը։  Լուրտ ժամանելէն առաջ Սուրբ Աթոռի թիւ մէկ դիւանագէտը՝ 4 օգոստոսին, կ՛այցելէ Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէյ՝ Քիւրէ Տ՛արսին, Արս քաղաքը, Սուրբին տօնին առթիւ, ուր առաւօտեան՝  կը մատուցէ սուրբ պատարագ մինչ յետմիջօրէին նախատեսուած է Անոր մէկ բանախօսութիւնը  «Ֆրանչիսկոս Պապը եւ քահանաները, Աստուծոյ ժողովուրդին ուղեւորութիւնը» նիւթին շուրջ։

Արս կեցութեան առթիւ Կարդինալ Փարոլինը բացումը պիտի կատարէ նաեւ Քոնկոլացի Կարդինալ՝ Էմիլի Պիյենտայի նուիրուած մէկ մասնաճիւղին։

Կարդինալ Փարոլինի սոյն այցելութիւնը համաճարակի սկիզբէն ի վեր կը հանդիսանայ Իտալիոյ սահմաններէն դուրս առաջին ճամբորդութիւնը։

Արսի սրբավայրի մեծաւոր Հայր Քոքոլոսքի Կարդինալ Փարոլինի այցելութիւնը  նկատած է հաստատում « Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէյի տիեզերական հանգամանքին ու անոր այժմէականութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2020, 07:58