Ֆրանչիսկոս Պան եւ Ալ Թայիպ Ֆրանչիսկոս Պան եւ Ալ Թայիպ 

Կարդինալ Այուզօ. «Եղբայրութիւնը, տարբերութիւնները յարգող ինքնութիւն մըն է։»

Կրօնները երբեք պատճառ չեն պատերազմներու ու բռնութիւններու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, օգոստոս 22-ին, կրօնքի ու դաւանանքի վրայ հիմնուած բռնութեան արարքներուն զոհերու միջազգային յիշատակի 2-րդ օրն է հիմնուած՝ 2019-ին ՄԱԿ-ի կողմէ։

Ունկնդրէ լուրը

Արդարեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր քահանայապետութեան շրջանին բազմիցս անգամ խնդրած է դադրեցնել կրօններուն շահագործումը, անձնական շահերուն, ատելութիւնը եւ բռնութիւն հրահրելու համար եւ ճիշդ այս ուղղութեամբ է, որ 28 մայիս 2019-ին, ՄԱԿ-ի կողմէ հիմնուեցաւ կրօնքի, դաւանանքի վրայ հիմնուած զոհերու զօրակցութեան միջազգային օրը։

«Կրօնները երբեր չեն մղեր պատերազմներու, բռնութեան արարքներուն. անոնք երբեք ատելութեան զգացումներ չեն յառաջացներ։ Աստուծոյ անունը  պէտք է չէ որ երբեք օգտագործուի ատելութիւն, թշնամութիւն հրահրելու  համար։ Այս եղաւ նաեւ աշխարհի խաղաղութեան եւ հասարակաց համակեցութեան ի սպաս , մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին սիրտը՝ ստորագրուած Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհար Ալ Թայիպ իմամին կողմէ՝ 4 փետրուար 2019-ին, Ապու Տապիի մէջ։
Կրօնքի, դաւանանքի վրայ հիմնուած զոհերու միջազգային երկրորդ օրուան առիթով, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, քահանայապետական միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ, Կարդինալ Անճել Այուզօ Կիսօ, նախ եւ առաջ իր զօրակցութիւնը յայտնեց ու աղօթքը ապահովուեց կրօնքի վրայ հիմնուած բոլոր զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարգաներուն համար , որոնց թիւը դժբախտաբար բարձր է , ըսաւ Ան, մաղթելով որ ՄԱԿի կողմէ հաստատուած միջազգային օրը կենսական ու արդիւնաբեր դառնայ բոլորին։

Ծիրանաւորը ապա  նշեց թէ հակառակ բազմաթիւ կոչերուն ու դատապարտումներու, կրօնքի շահագործումին դէմ այդ ահռելի կոյր արարքները տակաւին կը շարունակուին , պէտք է պնդել,  որպէսզի միջազգային օրէնքը կիրակուի այդ սարսափելի արարքներուն դէմ։

Ան  իր ուրախութիւնը յայտնեց , որ 2020 թուականի Ռամատանի տօնին առթիւ հրապարակած միջկրօնական երկխօսութեան պատգամին մէջ մահմետական եղբայրներու եւ քոյրերուն միջեւ կիսուած է  պաշտամունքի վայերուն նկատմամբ յարգանքի կարեւորութիւնը, որուն մասին  մէջբերուած է նաեւ մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթէն հատուած մը ուր նշուած է, թէ  պաշտամունքի վայրերու պաշտպանութեան պարտականութիւնը պէտք է,  որ երաշխաւորուին կրօններուն կողմէ, մարդկային արժէքներուն, օրէնքներու եւ միջազգային համաձայնագիրերու կողմէ։

Սուրբ Աթոռի միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահը ապա նշեց , թէ հակառակ  ընկերութեան կողմէ տարուած բազմաթիւ աշխատանքներուն ՝ կասեցնելու համար կրօնական ատելութեան արարքները, տակաւին բաւական աշխատանք կայ կատարելիք, ընդգծելով կրօնքի արժանիքներուն հանդպէ կրթութեան կարեւորութիւնը, որուն պատասխանատու են   կրօնապետերը։

Կարդինալ Կիսօ ընդգծեց նաեւ քաղաքացիութեան կրթութեան հրամայականը, որպէսզի յարգուին տարբերութիւնը, միաժամանակ յանձնառու գտնուելով բոլորին համար մարդկային իրաւունքներուն զարգացումին։

«Պէտք է միշտ յիշել եւ առաջարկել քաղաքացիական ու կրօնական իշխանութիւններու, որ մեր ընկերութեան ոեւէ անդամ պէտք է արժէքաւորուի ու պաշտպանուի, որպէսզի միասնաբար կարենանք կառուցել ընկերային համախմբում, հասարակաց բարիքին ի սպաս եւ որ հեռու է որեւէ մեկուսացումի, բացառութեան արարքներէն, որովհետեւ լոկ տարբերութեան ու յարգանքի միջոցաւ էր որ կարելի է կառուցել առաւել ապահով ընկերութիւն մը» ըսաւ Կարդինալ Կիսօ։ 
.
Ան զրոյցի աւարտին բարձր արժեւորեց ու գնահատեց ֆրանչիսկոս Պապին, միջագային ընտանիքին ուղղած  կոչերն ու տածած աշխատանքները , որպէսի միջազգային ընտանիքը ընթանայ ներառութեան, երկխօսութեան եւ նոյնիսկ  քնքշութեան ուղիին վրայէն։Կարիդնալ Կիսօ  մաղթեց, որ միջազգային  յիշատակի  վերոնշեալ օրը շօշափելի նշանը դառնայ այն իրողութեան, թէ ինչպէս միջազգային ընտանիքը, յիշատակի օրուան միջոցաւ, ջանք կը թափէ, քաջալերելու միշտ աւելիով գործելու, վերածնելու համար իսկական հոգեւոր արժանիքներ ու եւ ամոքելու խոցուած մարդկութեան տառապանքները, որուն մէջ բոլորս կ՝ապրինք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2020, 12:25