Յիսուս Քրիստոսի նման՝ փախչելու ստիպուած։ Ունկնդրել հաշտուելու համար։

Սարային պատգամը, յոյսի ու գորովի պատգամ է ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես, 27 սեպտեմբերին կայանալիք գաղթականներուն եւ փախստականներու 106 րդ միջազգային օրուան, որուն այս տարուան նիւթն է Յիսուս Քրիստոսի նման՝ ստիպուած փախչելու» Վատիկանի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովը հրապարակեց նոր տեսահոլովակ մը կեդրոնանալով ունկնդրութեան կարեւորութեան վրայ ։

«Աշխարհի մը մէջ ուր բոլորը կ՝ուզեն իրաւունք ունենալ, ունկնդրութեան տեղ չկայ։  Միայն կը խօսուի, սակայն լոկ խոնարհ ու ուշադիր ունկնդրութեամբ է, որ կրնանք իսկապէս հաշտուիլ։
Ֆրանչիսկսո Պապին սոյն խօսքը սերտ առնչութիւն ունի Իրաքի Շինկալ շրջանի Տոկորի գիւղէն փախած Սարայի վկայութեան հետ։

Սարան կը պատմէ Եազիտ ըլլալու պատճառաւ ապրած տառապանքներուն ու ինչպէս նաեւ ընդունած հիւրընկալութեան մասին  Քրտսթանի մահմետականներուն եւ Քրիստոնեաներուն կողմէ։

Սարային պատգամը,յոյսի եւ ուժի պատգամ մըն է ։  Ան կը խրախուսէ չնայելու կրօնքին  իբրեւ խոչընդոտ եւ կը յիշեցնէ թէ բռնութեամբ ոչ մէկ բան կը լուծուի։Սարան կ՝ընդգծէ թէ  
Խմբային աշխատանքը եւ փոխադարձ յարգանքը փայլուն ապագայ կը ստեղծէ բոլոր մանուկներուն՝ ըլլայ քրիստոնեայ ըլլայ Եազիտ մանուկներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2020, 10:23