հաւատոյ վարդապետութեան ժողովի գրասենեակը հաւատոյ վարդապետութեան ժողովի գրասենեակը 

Լոյս տեսաւ ուղեցոյց մը անչափահասներու դէմ գործադրուած սեռային բռնութեան դէպքերու քննարկման ընթացակարգի հայող։

Ուղեցոյցին նպատակն է օգնել իրաւագէտները ու կղերական դասը, լաւագոյն ձեւով կիրարկելու համար եկեղեցական օրէնքները, անչափահասներու դէմ սեռային բռնութեան դէպքերու պարագային։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հաւատոյ վարդապետութեան  Ժողովը, հրապարակեց, կղերի կողմէ  անչափահասներու դէմ գործադրուած սեռային բռնութեան յանցագործութիւնները քննարկելու ուղեցոյց մը։

Ունկնդրէ լուրը

30 էջերէ բաղկացած ուղեցոյցը ցոյց կու տայ որոշ հինական կէտեր, պատասխանել կարենալու համար, կղերի կողմէ գործադրուած, սեռական բռնութեան դէպքերու  քննարկումի ընթացակարգի հայող։

Ուղեցոյցին նպատակն է օգնել իրաւագէտները ու կղերական դասը, լաւագոյն ձեւով կիրարկելու համար եկեղեցական օրէնքները, անչափահասներու դէմ սեռային բռնութեան դէպքերու պարագային։
Նշենք , 2019ին փետրուար ամսոյն, Վատիկանի մէջ կայացած , անչափահասներուն դէմ սեռային բռնութեան մասին , աշխարհի եպիկոպոսաց համահաւաք դասերու նախագահներուն ժողովին ընթացին, եպիսկոպոսները փափաք յայտնած էին պատրաստել ուղեցոյց մը, սեռային բռնութեան դէպքերը, բացայայտելու ընթացակարգին համար։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2020, 10:45