Քովիտ 19 Միացեալ Նահանգներու մէջ Քովիտ 19 Միացեալ Նահանգներու մէջ 

Միացեալ Նահագները եւ Քահանայապետական կեանքի ի սպաս կաճառի փաստաթուղթը։ Իրականութեան վրայ նոր հայեացք։

Քահանայապետական կեանքի ի սպաս կաճառին հրապարակած փաստաթուղթին մասին անդրադարձած Է Լոս Անճելսըի Loyola Marymount համալսարանին կենսաբարոյականութեան դասատու Roberto Dall’Oro։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աշխարհի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուած անձերու թիւը գերազանցեց 15 միլոնը։ Միայն Ամերիկայի մէջ արձանագրուած են 8 միլիոն պարագաներ։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ վարակիրներուն թիւը հասած է չորս միլիոնի։ Պրազիլի մէջ դժուար կացութիւն կը տիրէ իսկ  Պոլիվիոյ եւ էքուատորի մէջ առողջապահական համակարգը փլուզումի եզրին  կը գտնուի ուր հիւանդանոցներու տարածքին վրայ  վրաններ լարուած են հիւանդները ընդունելու համար, որոնցմէ շատեր իրենց ինքնաշարժներուն մէջ կը գիշերեն։

Ի տես համաճարակէն յառաջացած վերոնշեալ եւ այլ դժուարութիւններուն,քահանայապետական կեանքի ի սպաս կաճառը,  «մարդկային ընտանիքը, համաճարակի դարուն մէջ խոկումներ կեանքի վերածնունդ մասին» փաստաթուղթին  հրաւէր ուղղած է  բոլորիս, մեր մասնակցութիւն բերելու եւ յոյսի կեցուածը  որդեգրելու՝ յուսալքումէն անդին երթալու համար, կիրարկելով մարդկային համակեցութեան ծրագիրը, որ բոլորիս առիթ կ՝ընծայէ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու ։

Քահանայապետական կաճառին  հրապարակած փաստաթուղթին մասին անդրադարձած Է Լոս Անճելսըի Loyola Marymount  համալսարանին կենսաբարոյականութեան դասատու Roberto Dall’Oro  որ միւեւնոն  ժամանակ դասախօս է  քահանայապետական կաճառին մէջ։ ԱՆ փաստաթուղթը  նկատած է , որպէս  հրաւէր՝ դարձի գալու եւ իրականութեան նոր հայեացքով նայելու, մատնանիշ ընելով ,որ քահանայապետական կաճառին փաստաթուղթը եկեղեցւոյ մօտիկութեան արտայայտութիւնն է,  որ կ՝ուզէ նեցուկ գտնուիլ մարդոց,  զատորոշելու համար անոնց ապրած փորձառութիւններուն իմաստը . փորձառութիւններ որոնք կը հային բոլորին՝ դիւրաբեկութեան, խոցելիութեան, փորձառութիւնները։

Խօսելով կաստաթուղթին կարեւորութեան մասին՝ Ամերիկիայի մէջ,  Փրոֆ Ռոպերթօ յայտնեց   թէ Փաստաթուղթը ամերիկային համար շատ կարեւոր է որովհետեւ անիկա պատուաստ կը շնորհէ երկու կեցուածքներուն դէմ, գործնակապաշտութեան եւ անհատապաշտութեան ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2020, 14:08