Որոնել

Աղքատութիւն Աղքատութիւն 

Գերապայծառ Եուրքովիչ «նուազեցնել համաճարակէն տուժուած աղքատ երկիրներուն վարկերը։

Միջազգային ընտանիքը ամէն ջանք պէտք է թափէ օգնելու եւ թեթեւցնելու համար աղքատ երկիրներու բեռը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուեցաւ Միացեալ ազգերու վաճառականութեան եւ զարգացման վերաբերեալ 67-րդ համագումարը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ- գերապայծառ Իվան Եուրքովիչը։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ Վատիկանի դիւանագէտը անդրադարձաւ համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած տնտեսական տագնապին,որուն « միջազգային ընտանիքը  ամէն գինով ու ուժով պէտք է հակազդէ » ըսաւ Գերապայծառ Եուրքովիչը։ Ան ապա ընդգծեց աղքատ երկիրներու կողմէ տարիներու հոլովոյթին կուտակուած վարկերու հարցը՝ ըլլայ հանրային ըլլայ անձնական գետնին վրայ եւ այս առնչութեամբ յորդորեց միջազգային ընտանիքը ամէն ջանք թափել օգնելու եւ թեթեւցնելու այդ երկիրներուն բեռը։

«Սուրբ Աթոռը կը խրախուսէ բոլոր ազգերը նուազեցնելու կամ ջնջելու աղքատ պետութիւններուն վարկերը։  Պէտք չէ պարզապէս աշխատիլ աշխուժացնելու համար շուկայական համակարգը, այլ պէտք է անցնիլ ներառական աշխարհի մը՝ ներդում կատարելով մարդկային դրամագլուխի մէջ, ու աղքատներուն վարկեր շնորհելով։ Ըսաւ Գերապայծառ Եուրքովիչ նկատել տալով նաեւ, որ համաշխարհային տնտեսական տագնապի արմատները ոչ միայն  տնտեսական բնոյթ ունին   այեւ բարոյական բնոյթ ,  հետեւաբար Ան անհրաժեշտ նկատեց  որդեգրել զօրակցութեան բարոյականութիւն մը՝ հիմնուած բոլորին պատասխանատուութեան վրայ։

Գերապայծառ Եուրքովիչ իր ելոյթին մէջ ընդգծեց նաեւ,  առողջապահական տագնապը դիմագրաւելու կարեւորութիւնը,շ եշտելով որ միջազգային ընտանիքը պէտք չէ, թոյլ տայ, որ  տնտեսական ներկայ համակարգը,  համաշխարհային անկայութեան պատճառ դառնայ։

Ան դարձեալ հիմնական  նկատեց որդեգրել զօրակցութեան բարոյականութիւն մը՝ առողջ մարդկային զարգացման ի սպաս,  տնտեսականութիւն մը ՝մարդու ծառայութեան համար, ինչպէս նաե, խաղաղութիւն կերտելու եւ շրջակայ միջավայրը պաշտպանելու համար։ Գերապայծառ Եուրքովիչ ելոյթը եզրափակեց յիշելով ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը «անտարբեր մնալու ժամանակը չէ,  որովհետեւ համայն աշխարհը տառապանքի մէջ եւ պէտք ունի միութեան՝ դիմագրաւելու համար համաճարակը. բոլորին պարտականութիւն է  չլքել խոցելի մեր եղբայրներն ու քոյրերը։» Ըսաւ Գերապայծառ Եուրքովիչ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2020, 11:47