Տեղահան եղած ընտանիք մը Տեղահան եղած ընտանիք մը 

Անհրաժեշտ է աւելի մեծ համագործակցութիւն ներքին տեղահաններուն համար. Գերապայծառ Եուրքովիչը ՄԱԿ-ին։

«Գաղթականներու եւ փախստականներու նման՝ անձերը որոնք ստիպուած են փախչիլ իրենց տուներէն, բայց կը մնան իրենց երկրին մէջ, զոհ են «անտարբերութեան համաշխարհայնացումին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Աթոռը հրատապ կը նկատէ ներքին տեղահաններն համար  միջազգային հասարակութեան «իրական համագործակցութեան» պահանջը  եւ այս նպատակով կը խրախուսէ պետութիւններու  պարտականութիւններու   վերաբերեալ յստակ իրաւական դաշտի մշակում, որ «ապահովէ տեղահաններու իսկական պաշտպանութիւնը, ձեռք բերէ մնայուն լուծումներ  եւ փրկէ մարդկային կեանքեր»։ Այս է մի քանի բառերով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան  Ժընեւի գրասենեակին մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝  Գերապայծառ Իվան Եուքրովիչին «Ներքին տեղահաններու ու յատկապէս հաշմանդամութեամբ անձերու» վերաբերող մարդկային իրաւունքներու Խորհուրդի 44-րդ նստաշրջանի ընթացքին ունեցած ելոյթին իմաստը։

«Գաղթականներու եւ փախստականներու նման՝ անձերը որոնք ստիպուած են փախչիլ իրենց տուներէն, բայց կը մնան իրենց երկրին մէջ, զոհ են «անտարբերութեան համաշխարհայնացումին» զոր Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ կը դատապարտէ խստօրէն» նշած է գերապայծառ Եուրքովիչ իր զեկոյցին մէջ, այդ անձերուն ողբերգութիւնը որակելով «անտեսանելի ողբերգութիւն», զոր Քովիտ19 համաճարակը աւելիով սրացուց, ինչպէսս կ՛ընդգծէ Ֆրանչիսկոս Պապը 2020-ի Գաղթականի եւ Փախստականի միջազգային  օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ։

«Անոնք՝ գաղթականներու եւ փախստականներու նման, միայն թիւեր չեն. մարդ էակներ են, պատմութիւններով, տառապանքներով եւ անձնական ձգտումներով» շեշտեց Վատիկանի Դիւանագէտը, յատուկէն ակնարկելով այդ տեղահաններուն միջեւ հաշմանդամութեամբ անձերուն, որոնք աւելի մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն եւ կարիքը կայ, որ  անոնց ապահովուի անվտանգութիւնը եւ երաշխաւորուի՝ զիրենք հիւրընկալող հասարակութիւններուն մէջ ընկերային կեանքին մասնակցելու կարելիութիւնը։

«Այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ է Պետութիւններու աւելի մեծ յանձնառում, համադրումի գործնական ձեւաւորում եւ յստակ որոշումներ՝ հիմնուած այն սկզբունքին վրայ, որ բոլոր մարդիկը, անկախ իրենց գաղթականութեան իրավիճակէն, պէտք են կարողանալ ապրիլ իրենց հողերուն վրայ, խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ, առանց տեղահան ըլլալու սպառնալիքին։ Այս մէկը իրագործելու համար պէտք է յաղթահարուի «անհաւասարութիւն արտադրող եւ մարդիկը ետեւ լքող մշակոյթի մը նախապաշարումը» հաստատեց Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը իր զեկոյցին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2020, 09:30