Վատիկանի Ֆինանսներու վերահսկողութեան գրասենեակները Վատիկանի Ֆինանսներու վերահսկողութեան գրասենեակները 

Վատիկանի Ֆինանսներու Վերահսկողութիւնը հրապարակած է 2019 թուականի տեղեկատուութիւնը։

Տեղեկատուութիւնը կը յիշէ 370 պարագաներ, ուր արտասահմանեան գործակիցներու (Financial Intelligence Units) հետ կատարուած են համագործակցութեան փոխանակումներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Ֆինանսներու Վերահսկողութեան ուշադրութեան յանձնուած գումարներու կասկածելի հոսքի պարագաները նախորդ տարուան ընթացքին թեթեւ ելք մը արձանագրած են։ Մինչ 2018 թուականին խարդախութիւններու թիւը 56 էր, 2019 թուականին ան բարձրացած է 64ի։ Այս կը հաղորդէ Ֆինանսներու Վերահսկողութիւնը իր 2019 թուականի տարեկան տեղեկատուութեան մէջ, որ հրապարակուած է ուրբաթ, յուլիս 3ին։ Աճած է նաեւ այս հարցով վատիկանեան դատախազութեան ներկայացուած ամբաստանութիւններու թիւը, որ 2018ին արձանագրուած 11 պարագաներէ բարձրացած է 15 պարագաներու։ Վերահսկողութեան համաձայն իրականացուած են «կանխարգելման չորս միջոցառումներ», ինչպէս դրամատան հաշուի սառեցում։

Արդիւնալի եղած է Վատիկանի Ֆինանսներու Վերահսկողութեան համագործակցութիւնը միջազգային մակարդակի վրայ։ Տեղեկատուութիւնը կը յիշէ 370 պարագաներ, ուր արտասահմանեան գործակիցներու (Financial Intelligence Units) հետ կատարուած են համագործակցութեան փոխանակումներ։ Կասկածի առարկայ պարագաներու մեծամասնութիւնը առընչուած է միջազգային խարդախութեան, տուրքերէ փախուստի եւ շորթումի։

Վատիկանի Ֆինանսներու Վերահսկողութեան տնօրէն Քարմելօ Պարպակալլօ, որ իր պաշտօնը կը վարէ նախորդ տարուան նոյեմբեր ամսէն, մատնանիշ ըրած է որոշ բարեկարգումներու, որոնց Սուրբ Աթոռը կը ձեռնարկէ՝ թափանցիկութեան հասնելու նպատակով։ Ան յայտարարած է յաւելեալ քայլերու որդեգրում՝ ապահովցնելու համար յստակութիւն դրամական գործառնութիւններու պարագային։ Ան աւելցուցած է թէ կասկած չկայ, թէ իր պատշտօնէութիւնը նաեւ ապագային իր բաժինը պիտի բերէ այդ յստակացումին։

Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի Ֆինանսներու Վերահսկողութիւնը հիմնուած է Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապի գահակալութեան տարիներուն (2005-2013), պայքարելու համար դրամի լուացման եւ ահաբեկչութեան օժանդակութեան դէմ։ Ինչպէս այլ պետութիւններու Financial Intelligence Units-ը, նաեւ Վատիկանի Ֆինանսներու Վերահսկողութիւնը կը հետախուզէ իրեն յայտնուած կասկածելի պարագաները։ Եթէ կասկած կայ քրէական գործի, պարագան կը յանձնուի վատիկանեան դատախազութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2020, 08:01