Կարիքը ունինք մէկը միւսին Կարիքը ունինք մէկը միւսին 

«Ու՞ր է քու եղբայրդ»։ Լամփետուզայէն Քովիտ՝ եղբայրութեան մարտահրաւէրը։

8 Յուլիս 2013-ին «Ու՛ր է եղբայրդ» հնչած հարցոմը այսօր դարձած է հիմնական։ Աշխարհը որ համոզուած էր թէ կարող էր առանձին յառաջ ընթանալ, եսասիրութեան տրամաբանութեան ուղիով, ինքզինք գտաւ տապալած գետին, անկարող եւ վախեցած անստնանելի եւ խուսափողական թշնամիի մը դիմաց։ Եւ այժմ ան մեծ դժուարութիւն ունի ոտքի կանգնելու, որովհետեւ չի գիտեր որ յենարանին դիմել։ Այդ յենարանը Ֆրանչիսկոսին համար եղբայրութիւնն է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին Լամփետուզա կղզի կատարած հովուական այցելութենէն եօթը տարիներ ետք, աւելի հրատապ կը դառնայ բոլորս իրարու եղբայրներ զգալու այդ առթիւ անոր ուղղած կոչը։  Յետ համաճարակի ժամանակաշրջանին կարելի չէ առանձին փրկուիլ, եղբայրութիւնը ապագայի կառուցման միակ ճանապարհն է։ Այսպէս կը գրէ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագրական կազմի փոխ տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Լամփտուզա կղզի կատարած հովուական այցելութեան եօթներորդ տարեդարձին առթիւ հրապարակած մէկ յօդուածին մէջ ուր ի մէջ այլոց կը գրէ.

Եօթը տարիներ անցան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Լամփետուզա կղզի կատարած այցելութենէն ու այդ այցելութեան ընթացքին մատուցած  պատարագի քարոզին մէջ մարդկութեան ուղղած վերոնշեալ հարցումին։«Ու՞ր է քու եղբայրդ։ Անոր արեան ճիչը մինչեւ ինծի հասաւ» կ՛ըսէ Աստուած Կայէնին։ Ասիկա հարցում մը չէ ուղղուած ուրիշներուն, հարցում մըն է ուղղուած ինծի, քեզի, մեզմէ իւրաքանչիւրիս»։ 

Ճամփորդութիւնը տեւեց մի քանի ժամ բայց տեսակէտով մը դարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան «ծրագրային» ճամբորդութիւն։ Այնտեղ Եւրոպային հարաւը՝ Ֆրանչիսկոս Պապը ցոյց տուաւ թէ ի՞նչ կ՛ուզէ ըսել՝ երբ կը խօսի  «դէպի դուրս եկեղեցի»ի մը մասին։

Պատերազմներէ եւ թշուառութենէ փախուստ տուած գաղթականներուն մէջ, ան ցոյց տուաւ « աղքատներուն համար աղքատ եկեղեցիի մը» երազանքը։ Եւ Խօսելով Կայէնի եւ Աբէլի մասին առաջնահերթ կարգի վրայ դրաւ եղբայրութիւնը։  «Ու՞ր է քու եղբայրդ» հարցումը հիմնական հարցում մըն է մեր ժամանակներուն ու մի գուցէ բոլոր ժամանակներուն համար։

Եղբայրութիւնը Ֆրանչիսկոսս Պապին Քահանայապետութեան առանցքը կը կազմէ։ Եղբայր բառը արդարեւ առաջին բառն է զոր Ան արտասանեց 13 մարտ 2013-ին իր ընտրութեան օրը։  Եղբայրութեան ուղիով է որ Ան ընտրեց նաեւ Ասսիզիի աղքատիկին անունը՝ Ֆրանչիսկոս։ Եղբայրական է անոր կապը վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտսո ԺԶ ի հետ։

Եւ Մարդկային Եղբայրութեան հռչակագիրի ստորագրութենէն ետք, Ալ Ազհարի Իմաին հետ միասին, եղբայրութեան նիւթը աւելի առանցքային  դարձաւ Ֆրանչիսկոսի Քահանայապետութեան համար։

Վերադառնալով Լամփետուզայի հարցումին, նշանակալից է որ Քահանայապետը այդ նոյն հարցումը ուղղեց նաեւ Ռետիփուլիայի ռազմական սրբավայր կատարած այցելութեան առթիւ, Համաշխարհային առաջին պատերազմի հարիւրամեակին առիթով՝ 2014-ի սեպտեմբերին։

Ֆրանչիսկոս Պապին համար մենք մեզ եղբօր պահակը զգալու մերժումը արմատն է մարդկութիւնը յուզող բոլոր չարիքներուն։ Այդ վերաբերմունքը կը հակառակի Յիսուսին ուսուցումին. «Ան որ հոգ կը տանի իր եղբօրը, մուտք կը գործէ Տիրոջ ուրախութեան մէջ, իսկ ան որ «ինծի ինչ» կ՛ըսէ դուրս կը մնայ»։

Ֆրանչիսկոս Պապը «Եղբայրութեան» նիւթը դարձուց իր քահանայապետութեան  կեդրոնական նիւթերէն մին։ Ան յաճախ կը յիշեցնէ՝ որ բոլորս իրարու եղբայրներ ենք։ Այդ մէկը ըրաւ նաեւ Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ կայացած խաղաղութեան եւ աղօթքի հանդիպումի ընթացքին, ընդմէջ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի նախագահներուն։ «Ձեր ներկայութիւնը եղբայրութեան մեծ նշան մըն է, որ կը կատարէք որպէս Աբրահամի զաւակներ, որպէս շօշափելի վստահութիւն Աստուծոյ վրայ՝ պատմութեան Տէրը, որ այսօր մեզի կը նայի՝ որպէս մէկը միւսին եղբայր, եւ կ՛ուզէ մեզ առաջնորդել իր արահետներուն վայ»։

Եղբայրութեան անունով նաեւ կայացաւ Մոսկուայի Պատրիարք՝ Քիրիլի եւ Ֆրանչիսկոսի միջեւ պատմական հանդիպումը Քուպայի մէջ, ուր անոնք  ստորագրեցին միասնական փաստաթուղթ մը, ուր գրուած է «ուրախութեամբ զիրար գտանք որպէս եղբայրներ՝ քրիստոնէական հաւատքին մէջ»։

8 Յուլիս 2013-ին «Ու՞ր է եղբայրդ» հնչած հարցոմը, այսօր դարձած է հիմնական։ Աշխարհը՝ որ համոզուած էր թէ կարող էր առանձին յառաջ ընթանալ, եսասիրութեան տրամաբանութեան ուղիով, ինքզինք գտաւ տապալած գետին, անկարող եւ վախեցած անստնանելի եւ խուսափողական թշնամիի մը դիմաց։ Եւ այժմ ան մեծ դժուարութիւն ունի ոտքի կանգնելու, որովհետեւ չի գիտեր որ յենարանին դիմել։ Այդ յենարանը Ֆրանչիսկոսին համար եղբայրութիւնն է։ Անիկայ միակ հիմնաքարն է, որուն վրայ կառուցել մարդկութեան վերապահուած զօրեղ տուն մը։   

Քորոնաժահրը մեզի ցոյց տուաւ թէ բոլորս ալ դիւրաբեկ ենք, անկախ մեր ընկերային դասակարգէն, մեր տնտեսական եւ զարգացումի իրավիճակէն։ Եղբայրներ ենք, որոնք կը գտնուին միեւնոյն նաւուն վրայ, տարուբերուած փոթորիկի մը ալիքներէն, որ կը հարուածէ բոլորը անխտիր։

«Յանկարծակի եկանք անսպասելի ու զայրացած փոթորիկի մը դիմաց։ Անդրադարձանք թէ բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ, ուղեկորոյս ու դիւրաբեկ, եւ անդրադարձանք նաեւ թէ կարեւոր ու հարկաւոր է որ բոլորս միասին թիավարենք, որովհետեւ կարիքը ունինք մէկը միւսի աջակցութեան»....  ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը Մարտ ամսուայ ընթացքին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած Քորոնաժահրի դադրեցումին համար յատուկ աղօթքի արարողութեան առթիւ։

Բազմաթիւ այլ համաճարակներ կան, զոր մարդիկը մահուան կը դատապարտեն, յիշեցուցած էր հուսկ Սրբազան Քահանայապետը 14 մայիսի իր  քարոզին մէջ, «սակայն մենք չենք անդրադառնար անոնց ու մեր հայեացքը կը սեւեռենք այլուր» աւելցուցած  էր Ան։

Այսօր՝ եօթը տարիներ առաջ Լամփետուզայի մէջ հնչեցուցած իր խօսքին ուղիով, Քահանայապետը մեզի կ՛ըսէ՝ թէ պէտք չէ նայինք այլուր, որովհետեւ եթէ իսկապէսս եղբայրներ ենք  ու անդամ մէկը միւսին, այդ «այլուրը» պէտք չէ գոյութիւն ունենայ, որովհետեւ այդ «այլուրը» մենք ենք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2020, 13:30