«Իւրաքանչիւր տարեց քու տատիկդ է» քարոզարշաւը «Իւրաքանչիւր տարեց քու տատիկդ է» քարոզարշաւը 

«Իւրաքանչիւր տարեց քու տատիկդ է»։ Աշխարականներու, Ընտանիքի ու կեանքի բաժանմունքի քարոզարշաւը։

Յոյս կայ որ այս արշաւի միջոցաւ կարելի ըլլայ իրականացնել Ֆրանչիսկոս Պապին փափաքը որ կ՛ըսէ. «Ահա թէ ինչ կ՛ուզեմ. Աշխարհ մը որ նոր ողջագուրում մը ապրի երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ներշնչուելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անցեալ կիրակի օր Մարեմեան Աղօթքի աւարտին ուղղած խօսքերէն Աշխարականներու, Ընտանիքի ու կեանքի բաժանմունքը, սկիզբ տուած է քարոզարշաւի մը՝ հրաւիրելու համար աշխարհի բոլոր երիտասարդները «քնքշութեան արարք մը կատարելու» իրենք զիրենք միայնակ զգացող տարեցներուն նկատմամբ։   

Համաճարակը արդարեւ զօրեղ կերպով  հարուածեց  յատկապէս տարեցները եւ խզեց սերունդներու միջեւ արդեն իսկ տկար կապը։

Այս ամիսներուն եպիսկոպոսական բազմաթիւ համահաւաք դասեր, ընկերակցութիւններ եւ հաւատացեալներ իրենց «սիրոյ երեւակայութեամբ», ինչպէս ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ջանացին միջոցներ եւ առիթներ գտնել, մօտիկ ըլլալու համար տարեցներուն։

Երիտասարդները յատկապէս իրենց ստեղծագործ երեւակայութեամբ, ջանացին ընդհատել տարեցներու առանձնութիւնը եւ ասկէ ներշնչում քաղելով է որ Աշխարականներու, Ընտանիքի ու կեանքի բաժանմունքը ծրագրած է սոյն քարոզարշաւը, որ յարգելով առողջապահական անվտանգութեան ուղիով որդեգրուած որոշումները, երիտասարդները կը հրաւիրէ «վիրթուալլ» մօտիկութիւն ցուցաբերելու տարեցներուն, այնպէս ինչպէս խնդրած է Ֆրանչիսկոս Պապը, եւ այնտեղ ուր կարելի է չի զլանալ այցելութիւն տալու անոնց։   

Նախաձեռնութիւնը տարածելու համար արշաւը կապուած է #sendyourhug հաշթակի հետ: Իմաստալից պատգամները պիտի հրապարակուին վերոնշեալ վատիկանեան բաժանմունքի ընկերային ցանցին վրայ։

Յոյս կայ որ այս արշաւի միջոցաւ կարելի ըլլայ իրականացնել Ֆրանչիսկոս Պապին փափաքը որ կ՛ըսէ. «Ահա թէ ինչ կ՛ուզեմ. Աշխարհ մը որ նոր ողջագուրում մը ապրի երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ»։

«Այն ինչ որ ծառին վրայ ծաղկած է կը բխի գետնի տակ եղածէն» կ՛ըսէ իմ երկրիս բանաստեղծ մը։ Ասոր համար կը հրաւիրեմ ձեզ ծափահարութեամբ ողջունել մեր տատիկն ու պապիկները» (Ֆրանչիսկոս Պապ 26.07.2020)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2020, 07:16