Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Պապական Նուիրակները Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Պապական Նուիրակները 

Գերապայծառ Պեթանքուր. Պատիւն ունիմ «առաջին քրիստոնեայ ազգ» Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ ներկայացնելու Ֆրանչիսկոս Պապը։

Գերապայծառ Պեթանքուրը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած Սուրբ Աթոռի հինգերորդ Պապական Նուիրակն է: Ան կը շարունակէ իր նախորդներուն՝ Առաքելական Նուիրակներ՝ Գերապայծառ Կոպելի (Ֆրանսիացի), Գերապայծառ Զուրպրիկենի (Զուիցերացի) գերապայծառ Կուճերոթիի (Իտալացի), Գերապայծառ Սոլչինսքիի (Լեհ), սկսած դիւանագիտական աշխատանքը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ  յուլիս 11-ին, կը լրանայ Հայաստանի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Խoսէ Պեթանքուրի Հայաստանի նախագահ Տիար Արմէն Սարգսեանին, որպէս Առաքելական Նուիրակ, հաւատարմագրերու յանձնումին երկրորդ տարեդարձը։

Գերապայծառ Պեթանքուրը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած Սուրբ Աթոռի հինգերորդ Պապական Նուիրակն է: Ան կը շարունակէ իր նախորդներուն՝ Առաքելական Նուիրակներ՝ Գերապայծառ Կոպելի (Ֆրանսիացի),  Գերապայծառ Զուրպրիկենի (Զուիցերացի) գերապայծառ Կուճերոթիի (Իտալացի), Գերապայծառ Սոլչինսքիի (Լեհ), սկսած դիւանագիտական աշխատանքը:

«Գերապայծառ  Խօսէ Աւելինօ Պեթանքուրը պատիւն ու առանձնաշնորհումը ունի «առաջին քրիստոնեայ ազգ» (մ․թ․ա 301), Հայաստանի Հանրապետութեան  մօտ ներկայացնելու Ֆրանչիսկոս Պապն ու Սուրբ Աթոռը» նշուած է Հայաստանի եւ Վրաստանի Պապական նուիրակութեան դիմատէտրին մէջ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։ ։

Գերապայծառ Պեթանքուրը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ առաքելական դեսպան նշանակուած է 1 մարտ 2018-ին։ Մինչ այդ Ան կը վարէր Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան «փրոթոքոլի» ղեկավարի պաշտօնը։

Ծնած է Փորթուկալի մէջ՝ 23 մայիս 1962-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 29 յունիս 1993-ին, իսկ 1 Յուլիս 1999-էն սկսեալ մաս կազմած է Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան, պաշտօնավարելով Քոնկոյի Առաքելական Նուիրակութեան մօտ, ապա Պետական Քարտուղարութեան Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղարութեան ներքոյ։

Գերապայծառ Պեթանքուրը եպիսկոպոսական օծումը ընդունած է Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռքով 19 Մարտ 2018-ին,

Առաքելական նուիրակի պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ Գերապայծառ Պեթանքուրը  Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր

«Հայաստանն ու Վրաստանը հարուստ պատմութիւններով, հին աւանդութիւններով ու կրօնական հին արմատներով երկիրներ են, որոնք հրապուրիչ են ինծի համար եւ ես ուրախութեամբ ու սրտանց կ՛ողջագուրեմ այս առաքելութիւնը»։

Ան ապա նշած էր թէ ինք «Հայաստան եւ Վրաստան կը մեկնի բոլորին հետ հանդիպելու իղձով ու բոլորին հետ երկխօսութիւն հաստատելու միտումով, ապա իր ծառայութիւնը մատուցելու ի սպաս եկեղեցւոյ»։

Այն հարցումին թէ ի՞նչ կը մտածէ «սփիւռքի» իրականութիւն ապրող ժողովուրդի մը մասին, տրուած ըլլալով որ ինք եւս ծնած է Փորթուկալ ու ընտանիքին հետ փոքր հասակին գաղթած է Քանատա ու ապրած է պանդուխտի փորձառութիւնը, գերապայծառ Պեթանքուր ըսած էր. «Կարծեմ թէ շատ դժուար է հասկնալ այն անձերը որոնք ստիպուած եղան թողուլ իրենց ծննդավայրը, տարբեր պատճառներու բերումով, բայց կրնամ իմ անձնական փորձառութեամբ վստահեցնել թէ բոլոր այցելած կամ ապրած երկիրներուս մէջ, այնտեղ ուր հանդիպեցայ հայ հասարակութիւններուն եւ առիթը ունեցայ ծանօթանալու անոնց, ինչպէս Կիւլպենկեան հաստատութիւնը Փորթուկալի՝ ծննդավայրիս մէջ, հիացմունքով նշմարեցի անոնց մեծահոգութիւնը, արտակարգ անձեր՝ որոնք պատմութիւնը կերտեցին եւ ես որպէս պանդխտութեան զաւակ կը հասկնամ մարտահրաւէրները որոնց դիմաց գտնուեցան այդ անձերը ու կարողացան զանոնք դիմագրաւել մեծ քաջութեամբ՝ ստեղծելով կեանքի նոր հնարաւորութիւններ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2020, 06:24