կարդինալ Զենոն Կրոչոլեվսքին։ կարդինալ Զենոն Կրոչոլեվսքին։ 

Ոչ եւս է քահանայապետերու սերտ գործակիցներէն Կարդինալ Զենոն Կրոչոլեվսքին։

Ծիրանաւորը, Հռոմի Քուրիայի մէջ վարած է տարբեր կարեւոր պաշտօններ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, յուլիս 17 -ին, 80 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց, ծագումով լեհ, Կարդինալ ԶենոնԿրոչոլեվսքին, կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի երբեմնի կառավարիչը։

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը, Հռոմի Քուրիայի մէջ վարած է տարբեր կարեւոր պաշտօններ, ան մասնագէտ էր յատկապէս կրթական եւ եկեղեցական իրաւագիտութեան ասպարէզներէն ներս, եղած է նաեւ սերտ գործակցիցը, Սուրբ Յովհհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետերուն։

Կարդինալ Զենոն ծնած է 11 հոկտեմբեր 1939 ին, Լեհաստանի մէջ։ Աստուածաբանական եւ իմաստասիրական ուսումները աւարտած է Փոզնան թեմի նորընծայարանին մէջ ուր քահանայ ձեռնադրուած է նաեւ  27 մայիս 1963ին։

Հռոմի Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանի մէջ մասնագիտացած է եկեղեցական իրաւագիտութեան մէջ։

1972 - 1999 թուականներուն պաշտօնավարած է Առաքելական Գերագոյն ատեանին մէջ, որպէս Նոտար։

1982-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Պապը զինք կը նշանակէ առաքելական ատեանին քարտուղար ապա կառավարիչ։

1977-ին եպիսկոպոս օծուած է ձեռամբ երջանկայիշատակ Սուրբ ՅՊԲ Պապին ։

1999-ին, Սուրբ ՅՊԲ-ի օրով  կը նշանակուի Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի կառավարիչ։

21 փետրուար 2006-ին, կարդինալական ժողովի ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապ զինք կ՝ընտրէ կարդինալ։ 

Յայտնենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիր յղեց, Կարիդինալ Զենոնի եղբօր, տիար Վլատիսլավ Կրոչոլեսքիին, կարդինալ Զենոնին  վախճանման առիթով։  Նորին Սրբութիւնը իր ցաւակցութիւնն ու մօտիկութիւնը յայտնեց ծիրանաւորին ընտանեկան պարագաներու ու անոր բոլոր սիրելիներուն։

Ցաւակցական գիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց Կարդինալ Զենոնի տածած բոլոր աշխատանքները,նախ  որպէս եկեղեցական իրաւագիտութեան դասատու քահանայապետական համալսարաններուն մէջ ապա  որպէս հեղինակ գիտական աշխատասիրութիւններուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ երջանկայիշատակ ծիրանաւորին Սուրբ Աթոռի ի սպաս մատուցած բոլոր ծառայութիւնները նախ որպէս առաքելական ատեանի կառավարիչ, ապա որպէս կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի կառավարիչ։

Ցաւակցական գիրին աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթք ապահովեցուց առ Աստուած,  կարդինալ Զենոնի հոգւոյն  յաւիտենական հանգիստի համար, Ան ապա իր առաքելական օրհնութիւնը փոխանցեց  կարդինալ Զենոնի եղբօրը եւ բոլոր անոնց, որոնք կը ողբան կարդինալին մահուան լուրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2020, 13:39