Լիպիացի գաղթականներ Լիպիացի գաղթականներ 

Գերապայծառ Եուրքովիչ. «Պաշտպանել մարդկային կեանքն ու արժանապատուութիւնը»։

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը շեշտեց, որ այն երկիրները որոնք կ՝ընկալեն գաղթականները, նոյնպէս կը մասնակցին նպաստներու բաժանումին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

7 յուլիսին, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, Արքեպիսկոպոս Իվան Եուրքովիչ ելոյթ ունեցաւ, 78-րդ մնայուն ​յանձնաժողովին, նուիրուած ՄԱԿ-ի գաղթականներուն հարցերով գերագոյն յանձնակատարի ծրագիրին։ Ելոյթին մէջ արքեպիսկոպոսը վերահաստատեց գաղթականներուն կեանքն ու մարդկային արժանապատուութիւնը պաշտպանելու Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը, մեղմացնելով անոնց տառապանքներն ու խթանելով համապարփակ ու իսկական զարգացումը։

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Եուրքովիչ շօշափեց վերաբնակեցման եւ փոխլրացման ուղիի նիւթը։ Ան նախ ընդգծեց Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը գործակցելու իւրաքանչիւր պատասխանատու գործընկերոջ հետ՝ կառուցողական երկխօսութեան մէջ որուն  նպատակն է առաջարկել շօշափելի լուծումներ» զանգուածային  ներգաղթի և գաղթականներու շարժումներու համար։

Վատիկանի դիւանագէտը յիշեց 2018ին գաղթականներու եւ փախստականներուն միջազգային օրուան պատգամին մէջ արտայայտուած Ֆրանչիսկոս Պապի «հրատապ յոյս ու  հրաւէրը բազում երկիրներուն բանալու մարդասիրական միջանցքներ,՝ գտնելու շօշափելի միջոցներ՝ ծախսերու եւ պատասխանատուութեան արդար ու հաւասար բաժանումի համար։  

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը շեշտեց, որ այն երկիրները որոնք կ՝ընկալեն գաղթականները, նոյնպէս կը մասնակցին նպաստներու բաժանումին, դիտել տալով որ բազմաթիւ գաղթականներ ունին հմտութիւններ, որոնք պէտք են պատշաճ կերպով ճանչցուին ու գնահատուին,  խրախուսելով գաղթականներուն ընկերային ու մասնագիտական ներդրումը  երաշխաւորելով բոլորին աշխատանքային, լեզուական, կրթական  եւ աշխուժ քաղաքացիութեան հնարաւորութիւնները։

Գերապայածռա Երուրքովիչ, ապա Սուրբ Աթոռին գնահատանք յայտնեց,  Լիպիացի գաղթականները փրկելու նպատակաւ  որդեգրուած շտապ միջոցառումներուն համար,  առաջնորդելով զանոնք դէպի ՆԻճեր եւ Ռուանտա։

«Մենք երախտապարտ» ենք ըսաւ Գերապայծառը որ «այդ գաղթականներու շուրջ 1200-ը վերաբնակուեցան արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրի միջոցաւ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2020, 09:34