Կարդինալ Կրոքոլեվսքիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Կարդինալ Կրոքոլեվսքիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ 

Կարդինալ Կրոքոլեվսքիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։

Ծիրանաւորը իր մահկանացուն կնքեց՝ 80 տարեկանին, յուլիսի 17 –ին։ Ան եղած է կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի երբեմնի կառավարիչը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հաւատքի մէջ հաւատքի ուխտաւոր» մարդ մը որ գիտցաւ բոլոր ժամանակներու Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան մէջ տեսնել սրբութեան սերմերը։ Մարդ մը որ նուիրուեցաւ քահանայական կեանքին։ Անխոնջ ուսումնասէր, ընկերական և ընդունակ ժպտալու»։ Նկարագրութիւնն է սա զոր Կարդինալական Դասի փոխ աւագերէց՝ Կարդինալ Սանտրին ներկայացուց Կարդինալ Զենոն Կրոքոլեվսքիի յուղարկաւորութեան ընթացքին, զոր տեղի ունեցաւ այսօր՝ 18 Յուլիսի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի մէջ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը։

Ծիրանաւորը իր մահկանացուն կնքեց՝ 80 տարեկանին, յուլիսի 17 –ին։ Ան եղած է   կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի երբեմնի կառավարիչը։ Ծնած էր 11 հոկտեմբեր 1939 ին, Լեհաստանի մէջ։ Աստուածաբանական եւ իմաստասիրական ուսումները աւարտած է Փոզնան թեմի նորընծայարանին մէջ։  Քահանայ ձեռնադրուած է 27 մայիս 1963ին։  1977-ին ընդունած է եպիսկոպոսական օծումը՝ ձեռամբ երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին, որ  1999-ին զինք  կը նշանակուի Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի կառավարիչ։ 21 փետրուար 2006-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապը անոր շնորհած էր  Կարդինալական տիտղոսը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2020, 13:24