Որոնել

 Քահանայապետի անունով օգնութիւն ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրին։ Քահանայապետի անունով օգնութիւն ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրին։ 

Քովիտ19 - Քահանայապետի անունով օգնութիւն ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրին։

Այս մէկը կ՛ուզէ անմիջական արտայայտութիւն ըլլալ Քահանայապետի մօտիկութեան զգացումին՝ ի նպաստ համաճարակի թիրախ բոլոր անձերուն ու նաեւ անոնց որոնք յանձնառու են աղքատներու եւ դիւրաբեկ անձերու հիմնական կարիքներու երաշխաւորման ծառայութեան մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Համաշխարհային գետնի վրայ Քորոնավիրուսէն վարակման տարածումին աճող մտահոգութեան ի տես, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի միջոցաւ եւ համագործակցութեամբ ՖԱՕ-ի, ԻՖԱՏ-ի եւ Պարէնի համաշխարհային ծրագիրին մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտին, որոշեց 25 հազար եւրօ գումար նուիրել Պարէնի համաշխարհային ծրագիրին, որպէս մօտիկութեան նշան ի տես աշխարհը յուզող համաշխարհային տագնապին»։   Այս կը կարդանք Քահանայապետական Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, ուր կը նշուի նաեւ թէ այդ գումարը կ՛ուզէ անմիջական արտայայտութիւն ըլլալ Քահանայապետի մօտիկութեան զգացումին՝ ի նպաստ համաճարակի թիրախ բոլոր անձերուն ու նաեւ անոնց որոնք յանձնառու են աղքատներու եւ դիւրաբեկ անձերու հիմնական կարիքներու երաշխաւորման ծառայութեան մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Կ՛ուզէ նաեւ ըլլալ Հայրական քաջալերանք Կազմակերպութեան մարդկայնական աշխատանքին եւ այլ երկիներուն՝ որոնք այս ճգնաժամի  ժամանակներուն պիտի ուզենային աջակցիլ եւ թիկունք կանգնիլ համապարփակ զարգացումին եւ հանրային առողջութեան պահպանման, հակադրել ընկերային անկայունութեան, պարէնային ապահովութեան բացակայութեան, աճող գործազրկութեան, ամենախոցելի պետութիւններու տնտեսական համակարգերի փլուզման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2020, 21:12