Աստուծոյ Աղախին Մարիա Անթոնիա Սամա Աստուծոյ Աղախին Մարիա Անթոնիա Սամա 

Նոր Երանուհիի մը եւ չորս Աստուծոյ ծառայ եւ աղախիններու հայող հրամանագիրեր։

Աշխարհական հաւատացեալ՝ Աստուծոյ Աղախին Մարիա Անթոնիա Սամայի կը դառնայ Երանելի

Վատիկան Նիուզ

Ուրբաթ 10 Յուլիս 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհելով Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Անճելօ Պեչչուին, հրահանգ տուաւ հրապարակել մէկ Երանուհիի մը եւ չորս Աստուծոյ ծառայ եւ աղախիններու հայող հրամանագիրերը։

Աշխարհական հաւատացեալ՝ Աստուծոյ Աղախին Մարիա Անթոնիա Սամայի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքին բերումով Ան մօտ օրէն պիտի արժանանայ խորաններու պատուոյն։ Ան ծնած էր 2 մարտ 1875-ին Իտալիոյ Սան Անտրէա Եոնիօ քաղաքին մէջ ուր նաեւ մահացած է  27 մայիս 1953-ին։  Նոր Երանուհին 60 տարիներ ամբողջ ապրեցաւ անշարժ անկողինին մէջ, հրաւիրելով բոլոր իր շուրջինները միշտ վստահութիւն ունենալու Աստուծոյ վրայ՝ կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ։ 

Աստուծոյ ծառայ Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ Հայր Էուզեպիօօ Ֆրանչեսքօ Գինիի հերոսական առաքինութիւնները։ Ան ծնած էր 10 օգոստոս 1645-ին Իտալիոյ Սենիօ քաղաքին մէջ ու մահացած Մեքսիկայի Մակտալենա քաղաք՝ 15 մարտ 1711-ին։

Աստուծոյ ծառայ Հայր Մարիանօ Ճուզեփփէ Տէ Իպարկուէնկոյիթիա ի Զուլոակայի հերոսական առաքինութիւնները։ Ան եղած է հիմնադիրը Յիսուսի աղախիններ հաստատութեան։ Ծնած է 8 սեպտեմբեր 1915-ին Սպանիայի Պիլապօ քաղաքին մէջ եւ մահացած 31 Յունուար 1888ին։

Աստուծոյ Աղախին Մարիա Ֆելլիքս Թորրէսի հերոսական առաքինութիւնները։ Փրկիչին Ընկերակցութեան հիմնադրուի՝ ծնած է 25 օգոստոս 1907-ին Սպանիայի Ալպելտա Քաղաքին մէջ եւ մահացած Մատրիտի մէջ՝ 12 յունուար 2001-ին։

Հուսկ Աստուծոյ ծառայ աշխարհական Անճելինօ Պոնեթթայի հերոսական առաքինութիւնները՝ ծնեալ 18 սեպտեմբեր 1948-ին եւ մահկանացուն կնքած 28 Յունուար 1963-ին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2020, 12:08