Կարդինալ Պենիամինօ Սթելլա Կարդինալ Պենիամինօ Սթելլա 

Կարդինալ Պենիամինօ Սթելլա .«Պէտքը կայ ժողովրդապետութիւններու՝ կարող դուրս գալու եւ հեռաւորները որոնելու»։

«Ժողովրդապետները պէտք չէ լոկ մտահոգուին իրենց ժողովրդապետութիւններով ,այլ անհրաժեշտ է, որ նային իրենց սահմաններէն անդին՝ Աւետարանը հռչակելու համար։ Ժողովուրդը միշտ տեղափոխութեան մէջ է »։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կղերի ժողովին կառավարիչ Կարիդինալ Պենիամինօ Սթելլա, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Կղերի ժողովի  կողմէ հրապարակուած ժողովրդապետութիւններուն վերաբերեալ նոր ուղեցոյցին,  որ «յղացուած է, եկեղեցական կառոյցներու վերանորոգումին՝ առաքելական իմաստ տալու պահանջէն։» Ըսաւ Կարդիnալ Սթելլա։

Ունկնդրէ լուրը

Կղերի ժողովի փաստաթուղթին մէջ նշուած է, թէ Ժողովրդապետները պէտք չէ, լոկ մտահոգուին իրենց ժողովրդապետութիւններով ,այլ անհրաժեշտ է որ  նային իրենց սահմաններէն անդին՝ աւետարանը հռչակելու համար։ «Այսօր՝ ժողովուրդը միշտ տեղափոխութեան մէջ է  եւ կը յաճախէ իրենց գտնուող վայրերուն եկեղեցիները։» ըսաւ Կարինալ Սթելլա։

Ուղեցոյցին մէջ մատնանշուած է ,որ ժողովրդապետական կառոյցներու վերանորոգումները տեղի ունենան բացայայտելով իւրաքանչիւր մկրտեալի կոչումը, միաժամանակ շրջանցելով ժողովրդապետական հովուական ծառայութեան ,տարածքային սահմանափակումի գաղափարը։

20 յուլիսին, հրապարակուած, կղերի ժողովի ժողովրդապետութիւններուն նուիրուած ուղեցոյցին  առանցը հանդիսացած է ժողովրդապետական հասարակութեան, հովուական ծառայութեան դարձի գալը՝  եկեղեցւոյ աւետարանումի ծառայութեան առաքելութեան ի սպաս ։  

Փաստաթուղթին մէջ ընդգծուած է  շօշափելի այն վտանգները, որոնք ժողովրդապետութիւնները կը վերածեն  լոկ կազմակերպչական պարզ կառոյցներուն, քան աւետարանումի առաքելութեան ժողովրդապետութիւններու, հրաւիրելով ժողովրդապետութիւնները, ուշադրութիւն ցուցաբերելու նոր աղքատութեան ձեւերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2020, 12:18