Ծովու նկար Ծովու նկար 

Կարդինալ Թուրքսոնի քաջալերանքի խօսքը ծովայիններուն.« դուք մինակ չէք, ոչ մէկը ձեզ պիտի լքէ»։

Ծովայիններու միջազգային օրուան առթիւ Կարդինալ Թուրքսոնի պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ամէն տարի յուլիս ամսոյն, երկրորդ կիրակին, կը նշուի ծովայիններուն միջազգային օրը,  յիշելու ու զօրակցելու համար ծովայիններուն ու ծովու մէջ աշխատաւորներուն, որոնք անխոնջ աշխատանք կը տանին՝  մարդկային ընտանիքին սնունդ ու կենական կարիքները ապահովուելու համար։

Ունկնդրէ լուրը

Այս տարի ծովայիններուն միջազգային օրը յատուկ նշանակութիւն ունի, տրուած ըլլալով,  որ ծովայններու միջազգային օրուան առաջին դարեդարձն է , որ յատուկ հանդիսութեամբ պիտի նշուէր, Կլասքով քաղաքին մէջ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամիս,  սակայն քորոնա ժահրի պատճառաւ յետաձգուած է  2021ի։

Ծովայիններուն միջազգային օրուան առթիւ, մարդկային համապարփակ զարգացման քահանայապետական ժողովի նախագահ կարդինալ Թուրքսոսն այս առթիւ յղած պատգամին  սկիզբը Սուրբ Կոյսի Մարիամին հովանին հայցեց, ծովայիններուն, ձկնորսներուն ու անոնց հարազատներուն համար,  որոնք համաճարակի ճգնաժամին հանդերձ,  նոյնիսկ վտանգելով իրենց կեանքը՝  շարունակեցին սնունդ եւ այլ կենսական կարիքները հայթայթել մարդկային ընտանիքին։

Կարդիդնալ Թուրքսոն պատգամին մէջ նկատել կու տայ նաեւ որ հակառակ  ծովայիններուն հիմնական դերակատարութեան,ն համաշխարհային տնտեսականութեան ծիրէն ներս միջագային կազմակերպութիւնները ու հաստատութիւնները, համաճարակին տագնապին օրերու ,անտեսած ու  քիչ գնահատած են անոնց աշխատանքը ու ասոր համար այս ծովայիններուն միջազգային օրը, առիթ է գնահատելու համար ծովայիններու  ներդրումը ու  յիշելու կարգ մը հարցեր որոնք ժխտապէս կ՝ազդեն ծովայիններուն կեանքի վրայ։

Կարդինալ Թուրքսոն  պատգամին մէջ նշած որ, համաճարակի ճգնաժամի պատճառով, շուրջ հարիւր հազար ծովայիններ, ինքնամեկուսացումի եւ երկիրներու սահմաններու փակումի հետեւանքով, չկարողացան իրենց տուները վերադառնալ,  անոնք փակուած մնացին պանդոկներու եւ բնակարաններուն մէջ, ու իրենց օրուան հացն ու անհրաժեշտ կարիքները ճառելու համար   դիմած են բարեսիրական հաստատութիւններուն։ Շատեր նշած է ծիրանաւորը ամիսներ փակուած մնացին  նաւերուն մէջ առանց  ոտք դնելու ցամաքին վրայ  եւ Շատերու աշխատանքը վտանգուած է ։
Կարիդնալ Թուրքսոն պատգամին մէջ քաջալերած ու հրաւիրած   է աշխարհի բոլոր հաւատացեալները,  աղօթելու ու զօրակցելու ծովայիններուն, յիշելով Սուրբ Պօղոս Զ պապին զօրակցութեան մասին խօսքը, «զօրակցութիւնը առաքինութիւն մըն  ,ու մերձաւորին բարիքի ի սպաս  էական պարտականութիւն մը։

Ան ապա  ձկնորսներու ուղղած զօրակցութեան խօսքին մէջ նշած « դուք մինակ չէք, ոչ մէկը ձեզի մինակ պիտի թողու, որովհետեւ մատրանապետներն ու ծովու աստղի կամաւորներ միշտ պատրաստ են ձեզ օգնելու եւ աղօթելու ձեր բարիքին  եւ ձեր ըտանիքներու ապահովութեան համար։
Կարդինալ Թուրքսո Պատգամը աւարտած է յայտարարելով թէ ֆրանչիսկոս Պապը օգոստոս ամսուան առաքելական դիտաւորութիւնը նուիրած է ծովայիններու ու ձկնորսներուն որուն մէջ  իր մտահոգութիւն յայտնած է մարդկային ընտանիքին եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2020, 10:31