Փիթեր Սականի Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրած հեծանիւի աճուրդը Փիթեր Սականի Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրած հեծանիւի աճուրդը 

Ֆրանչիսկոս Պապին նախաձեռնութեամբ «միասին վազենք» մարզական բարեսիրական ձեռնարկ։

Ֆրանչիսկոս Պապ «մարզանքը կարելի է ապրիլ իբրեւ խաղաղութեան կամուրջ, որ կը միացնէ տարբեր կրօններուն, մշակոյթներուն այր մարդիկ ու կիներ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 8 յունիսին, սկիզբ կ՝առնէ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին «միասին վազենք» խորագիրով մարզական ձեռնարկը, Պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարող առաջնագիծին վրայ գտնուող Իտալիոյ Պրէշիա եւ Պերկամօ քաղաքներուն հիւանդանոցներուն ի նպաստ։

Ունկնդրէ լուրը

«Միասին վազենք», Ֆրանչիսկոս Պապին բարեսիրական ձեռնարկը կը կայանայ աճուրդի մը մէջ որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի վերոնշեալ հիւանդանոցներուն։
Աճուրդի պիտի դրուին Ֆրանչիսկոս Պապին, հեծանիւի երեք անգամ աշխարհին ախոյեանութիւնը շահած Սլովաքցի Փիթեր Սականիի,  Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրած հեծանիւը,  Զանարտի մարզիկի ոսկեայ շապիկը ինչպէս նաեւ այլ առարկաներ ,զոր ֆրանբիսկոս Պապ իբրեւ պարգեւ ստացած  է զանազան անձնաւորութիւններու կողմէ տարբեր առիթներով ։

Ձեռնարկին իրենց մանսակցութիւն կը բերեն աշխարահռչակ մարզական աշխարհի ախոյեաններ, ինչպէս  Ֆութպոլիտս Ֆրանչեսքօ Թոթթի, Ֆետերիճա Փելլեկրինի եւ այլ ախոյեաններ։ Մինչեւ 8 օգոստոս երկարող ձեռնարկի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ի մէջ այլոց նաեւ Ֆերրարի եւ Լամպուրկինի ընկերութիւնները։

«Միասին վազենք» մարզական ձեռնարկը բարեսիրական ծրագիր ըլլալէ աւելի վկայութիւն է այն իրողութեան, թէ մարզանքը կարելի է ապրիլ իբրեւ խաղաղութեան կամուրջ, որ կը միացնէ տարբեր կրօններուն, մշակոյթներուն այր մարդիկ ու կիներ, խթանելով ներառութիւնը, բարեկամութիւն, դատիարակութիւնը ու զօրակցութիւնը, ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ մայիս 20ին, մարզիկներուն ուղղած խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2020, 09:11