Սուրբ Պետրոսի գմբեթը Սուրբ Պետրոսի գմբեթը 

Վատիկան. Փոխըմբռնման յուշագիր ընդմէջ «Aif»ին եւ ընդհանուր վերստուգիչին։

Երկու գրասենեակներու միջև ստորագրուած փաստաթուղթին նպատակն է՝ ամրապնդել համագործակցութիւնը փողերու լուացման, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման և կաշառակերութեան դէմ պայքարի ոլորտէն ներս։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ 16 յունիսին փոխրմբռնման յուշագիր մը ստորագրուած է Վատիկանի ֆինանսական հետախուզութեան մարմինի և Գլխաւոր վերստուգիչի գրասենեակին միջեւ, որուն նպատակն է «երկու իշխանութիւններու միջեւ, ամրապնդել  արդէն իսկ սերտ համագործակցութիւնը եւ  փոխյարաբերութիւնները, ռազմավարական և գործառնական մակարդակով պարբերական հանդիպումներու միջոցաւ»:

Փոխըմբռնման յուշագիրը առիթ կու տայ աւելի լաւ կատարելու Վատկանեան Համակարգի կողմէ նախատեսուած գործունէութիւնները՝ ըլլայ  ֆինանսական հետախուզութեան մարմինին համար՝ փողերու լուացման և ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարին մէջ, ըլլայ Գլխաւոր վերստուգիչի գրասենեակին համար՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ« նշուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2020, 18:02