Այսօր՝ երեք ամիս փակումէ ետք կը վերաբացուին Վատիկանի Թանգարաններն եւ Առաքելական Արխիւները։

Կիրակի 31 Մայիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւս վերսկսաւ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքները արտասանել իր գրասենեակի պատուհանէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քովիտ19 ժահրի համաճարակի կասեցումի ու կանխարգիլման ուղղութեամբ առնուած որոշումներու հետեւանքով, գրեթէ երեք ամիսներ ամբողջ փակ մնալէ ետք, մէկ Յունիսէն սկսեալ դարձեալ կարելի պիտի ըլլայ այցելել եւ վայելել Վատիկանի Թանգարաններու սքանչելիքները ու Քասթել Կանլտոֆոյի Քահանայապետական պալատի գեղեցկութիւնները։

Նոյն օր՝ ուսումնասէրներու ու մասնագէտներուն համար կը վերաբացուին նաեւ Վատիկանի Մատենադարանը եւ Առաքելական Արխիւները

Վերոնշեալ բոլոր կառոյցները՝ առողջապահական անվտանգութեան  համար  որդեգրած են առողջապահական յատուկ կանոններ  որոնց շարքին ընկերային հեռաւորութեան յարգանքը, դիմակներու գործածութիւնը, այցելուներու եւ աշխատակիցներու ջերմութեան ստուգումը։

Մինչ երէկ՝ Կիրակի 31 Մայիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ Մարտ ամսուայ սկիզբէն ի վեր,  համաճարակի բերումով, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքները սկսած էր արտասանել միայն ուղիղ եթերով եւ առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան՝ Վատիկանի առաքելական պալատի գրադարանէն, առաջին անգամն ըլլալով զայն դարձեալ արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած եւ ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանող հարիւրաւոր հաւատացնելներու ներկայութեամբ։ Այս առթիւ Քահանայապետը իր խնդակցութիւնը յայտնելով այդ «վերամուտին» համար ըսաւ «Հաճելի դարձեալ այստեղ գտնուիլը» մինչ աղօթքի աւարտին յատուկէն յիշեց բոլոր անոնք որոնք համաճարակի այս ահռելի օրերուն իրենց կեանքը վտանգեցին ուրիշներուն ծառայելու ու անոնց կեանքը փրկելու համար, շատ անգամ նաեւ իրենց կարգին զոհ դառնալով համաճարակին։

«Աղօթենք լռութեամբ՝ բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, կամաւորներուն համար ու բոլոր առողջապահական գործիչներուն համար, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին այս ժամանակներու ընթացքին» ըսաւ այդ առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2020, 08:21