Հռոմի Քարիթասի բարեսիրական գործունէութինները Հռոմի Քարիթասի բարեսիրական գործունէութինները 

Ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Յիսուս Աստուածային աշխատաւոր» հիմնադրամը։

Ներկայացումի ծիրէս ներս ստորագրուեցաւ «Հռոմի ի նպատ դաշինք» համաձայնագիրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վազգէն

Ուրբաթ, 12 յունիսին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Հռոմի Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան առաքելական պալատին «կայսեր» անուան դահլիճէն ներս, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ ֆրանչիսկոս Պապի նախաձեռնութեամբ պսակաձեւ ժահրի թիրախ, Հռոմի  աղքատ ընտանիքներուն զօրակցելու համար «Յիսուս Աստուածային աշխատաւոր» հիմնադրամը։

Ունկնդրէ լուրը

Մամլոյ ասուլիսին, եկեղեցական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն շարքին ի մէջ այլոց ներկայ գտնուեցան Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոս, Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնադսիը, Լացիօ մարզի նախագահ, Տիար Նիքոլա Զինկարեթի, եւ Հռոմի քաղաքապետ Վիրճինիա Ռաճին ,որոնք այս առթիւ ստորագրեցին «Հռոմի ի նպաստ դաշինք» համաձայնագիրը։

Նշենք, թէ ֆրանչիսկոս Պապին տնօրինութեամբ հիմնուած «Յիսուս Աստուածային աշխատաւոր» հիմնադրամի առաջին մէկ միլիոն Եւրօ, նիւթական նպաստը , Ֆրանչիսկոս Պապ յատկացուց  Հռոմի Քարիթասին, օգնելու համար համաճարակի պատճառով գործազուրկ եղած ընտանիքի հայրերուն ու մայրերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2020, 11:24