Երկինք Երկինք 

Վատիկան՝ համապարփակ բնապահպանութիւն. Արարչագործութեան պահպանումը բոլորիս պատասխանատուութիւնն է։

Վատիկանի զանազան Ժողովներու միջբաժանմունքային ուղեցոյցը՝ համապարփակ բնապահպանութեան վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի բնապահպանութեան մասին «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին 5-րդ տարեդարձին առթիւ, շրջաբերականի տարածման ու բնապահպանութեան խթանման համար, Վատիկանի Ժողովներու միջբաժանմունքային յանձնախումբը, որ ստեղծուած է 2015 թուականին, հրապարակեց շրջբերականի ցուցմունքները  գործադրելու ուղեցոյցը։

Ունկնդրէ լուրը

Ուղեցոյցին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել նորին Սրբութեան շրջաբերականին գլխաւոր այն պատգամը, թէ ամէն ինչ իարու առնչուած է, չկան իրարմէ անջատ տագնապներ, այլ գոյութիւն ունի բարդ ընկերային, միջավայրային  տագնապ մը,  որ պահանջքը կը  զգայ իսկական բնապահպանողական դարձ մը կը կատարելու։

Ուղեցոյցը բաժնուած է զանազան մասերուն։ Առաջին բաժինին մէջ շեշտուած է բնապահպանողական դարձ կատարելու եւ մտայնութեան փոփոխութեան հրամայականը, որ կ՚առաջնորդէ հոգ տանելու՝          ըլլա՛յ կեանքին  եւ ըլլա՛յ արարչագործութեան, եւ ուրիշին հետ երկխօսութիւն հաստատելու՝ այն գիտակցութեամբ որ աշխարհի բոլոր հարցերը իրարու զօդուած են։ Այս գծով առաջարկուած է արժէքաւորել ձեռնակներ, որոնք կը հային արարչագործութեան եւ վանական աւանդութիւններուն,  որոնք աղօթքի, խոկումի, աշխատանքի ու ծառայութեան ուսմունքներ կու տան։ Ապա  պետութիւններէն կը խնդրուի  որ զարգացնեն յատուկ քաղաքականութիւն՝ նպատակաուղղուած  ընտանիքի խթանման։

Դաստիարակչական շրջագիծէն ներս , դպրոցներէ կը խնդրուի որդեգրել նոր կեդրոնականութիւն մը, զարգացնելու համար մտածումի, զատորոշումի  պատասխանատուութեան հոգին, դիւրացնելով տուն-դպրոց-ժողովրդապետութիւն կապերը,   նախաձեռնելով քաղաքացիական բնապահպանողական կազմաւորումի ծրագիրներ։

Ուղեցոյցին մէջ ընդգծուած է հասարակաց տան խնամքի յանձնառութիւնը, որ իր լիարժէք տեղը ունի քրիստոնէական կեանքէն ներս  եւ ոչ թէ երկրորդական ընտրանք մըն է։ Հասարակաց տան նկատմամբ խնամքը, լաւագոյն վայրն   է,  երկխօսութեան, համագործակցութեան,  ըլլա՛յ միջկրօնական  ըլլա՛յ համամիութենական գետնի վրայ։ Ուղեցոյցին մէջ նշուած է, թէ կրօնները  իրենց իմաստութիւններով ու ուսուցումներով կարող են քաջալերել որդեգրելու հայեցողական ապրելակերպ մը,  որ կ՝առաջնորդէ շրջանցելու երկրագունդին վատթարացումը։  Ուղեցոյցին Առաջին բաժինը  եզրափակուած է  կարեւոր գլուխով մը՝ նուիրած հաղորդակցութեան մարզին։ Ան կը  յորդորէ որ հաղորդամիջոցները ի յայտ դնեն մարդկային ճակատագիրին եւ բնական շրջակայ միջավայրի միջեւ կապերը,  քաղաքացիներու մէջ զարգացնելով պատասխանատուութեան հոգին՝ սուտ լուրերու նկատմամբ։

Ուղեցոյցի երկրորդ բաժինին մէջ արծարծուած է սննդառութեան խնդիրը. մէջբերուած է Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը «երբ  կերակուր կը թափենք, զայն աղքատներուն ձեռքերէն յափշտակած կ՝ըլլանք»։ Այս ուղղութեամբ շեշտուած է, որ պէտք է մերժել ու խուսափիլ սնունդի մսխումէն, զայն նկատելով անարդար արարք. ապա նաեւ զարգացնել կայուն եւ բազմազանային հողագործութիւն մը։

Այս մասին մէջ անդրադարձ կատարուած է կլիմայի եւ շրջակայ միջավայրի հայող խնդիրներուն, նկատել տալով, որ անոնց ամենէն շատ թիրախ են խոցելիներն ու աղքատները։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ նկատուած տնտեսականութեան կարեւորութիւնը, որուն մէջ առաջնահերթ տեղ կը գտնէ հասարակաց բարիքը։ Կոչ կ՚ուղղուի փորձել վերջ դնել աղքատութեան,  պատժելով անօրէն գործողութիւններուն մէջ ներգրաւուած ֆինասական հաստատութիւնները, ու զարգացնելով եկեղեցւոյ սեփականութիւններու մատակարարումի ձեւ մը, որ ըլլայ թափանցիկ ու  հետեւողական։

Տարբեր Հաստատութիւններու շարքին, ուղեցոյցի մէջ ընդգծուած է քաղաքացիական ընկերութեան մը կարեւորութիւնը որուն պէտք են ծառայել պետութիւնները, քաղաքականութիւնը եւ քաղաքապետարանները, որդեգրելով արդարութեան, բարոյականութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն մը, եւ  պայքար մղելով կաշառակերութեան դէմ։

Վերջապէս փաստաթուղթին մէջ քննարկումի նիւթ եղած  են կլիմայի հայող հարցերը,  նկատել տալով,  որ բոլորս քաջ գիտենք  թէ այդ հարցերը ծանրօրէն կ՝ազդեն մեր շրջակայ միջավայրի բարոյական, տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներուն վրայ, եւ յատուկէն աղքատներուն վրայ։  

Այս ուղղութեամբ կարեւոր նկատուած է որդեգրել զարգացումի ձեւ մը որ գիտէ պայքարիլ նախ՝  կլիմայի փոփոխութեան հարցերու դէմ, երկրորդ՝ աղքատութեան դէմ։ Այս կեցուածքը համահունչ է եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան հետ։

Կլիմայի փոփոխութեան հարցերու ծիրէն ներս շեշտուած է ածխացնի քանակի նուազեցման կայուն զարգացումը՝ պակսեցնելու համար ջերմոցային կազերու արտանետումները։ Այս առընչութեամբ առաջարկ ներկայացուած է վերականգնելու  ամազոնի նման անտառները։

Վերջապէս, վերջին գլուխը կը հայի Վատիկանի Քաղաքի, որուն տարածքին ստեղծուած են չորս տարբեր միջավայրեր, ուր կը կիրակուին  “Գովեալ ըլլաս” շրջաբերականի ցուցմունքները, պահպանելով շրջակայ միջավայրը եւ  ջրային հարստութիւնները. ուր  խնամք կը տարուի կանաչ տարածքներուն եւ խնայողութիւն  ելեկտրականութեան սպառումի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2020, 12:00