Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

Քահանայապետական անուանումներ։ Երկու կիներ Վատիկանի մէջ կը ստանձնեն կարեւոր պաշտօններ։

Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ երկու կիներուն յանձնեց կարեւոր պաշտօններ, առաքելական մատենադարանի եւ ֆինասնական տեղեկութիւններուն կառոյցէն ներս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանապայապետը, Վատիկանի մէջ երկու կիներու  յանձնեց կարեւոր պաշտօններ։
Վատիկանի ֆինասական  տեղեկութիւններու գործադիր իշխանութեան  խորհուրդին անդամ նշանակեց ,Տիկին Անթոնելլա Շիարոնէ Ալիպրանտի, Յիսուսի Սուրբ Սիրտ կաթողիկէ համալսարանի օգնական տնօրէնուհին։
Անթոնելլա Ալիպրանիտին ծնած 2 մայիս 1965։ին ։Ուսանած ու մասնագիտացած է իրաւաբանութեան մէջ եւ Հռոմի Կաթողիկէ համալսարանին  մէջ կը դասաւանդէ  տնտեսական իրաւունք եւ անդամ է Կաթողիկէ դատաւորներուն միութեան։

Ունկնդրէ լուրը

ֆինանսական տեղեկատւութեան իշխանութիւնը, Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի պատկան կառոյց մըն է, որ կը պայքարի դրամ լուալու եւ ահաբեկչական ֆինանսաւորումներուն դէմ։

Նորին Սրբութիւնը ապա Վատիկանի  Առաքելական մատենադարանի պատասխանատու նշանակեց միեւնոյն հաստատութեան քարտուղարուհի, տիկին Ռաֆայելլա Վինչենթին։

Յայտնենք թէ, Վատիկանի առաքելական մատենադարանը ծնունդ առած է հինգ դար առաջ որպէս Քահանայապետերուն  ուսումնարան եւ միշտ բաց գտնուած է մասնագէտներուն դիմաց։ Մատենադարանին մէջ կը գտնենք աւելի քան 80.000 ձեռագիրներ, որոնց առնչութեամբ ժամանակի ընթացքին գրուած ու հրապարակուած են աւելի քան  կէս միլիոն տպագիր հատորներ ու փաստաթուղթեր։

Նշենք նաեւ, որ համաճարակի պատճառով փակ մնալէ ետք ըլլայ առաքելական մատենադարանի ըլլայ վատիկանի արշիւներու դռները վերաբացուեցան ուսումնասէրներուն առջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2020, 11:08