Վատիկանի թանգարաններէն առնուած լուսանկար Վատիկանի թանգարաններէն առնուած լուսանկար 

Վատիկանի թանգարաններուն մուտքը անվճար է բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն համար։

Վատիկան Քաղաքի պետութեան նախաձեռնութեամբ, մէկ շաբաթ ամբողջ Վատիկանի թանգարանները անվճար պիտի կարենան մուտք գործել բժիշկները, հիւանդապահներն ու առողջապահական գործիչները։

Ի երախտագիտութիւն բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն, Վատիկանի թանգարաններու, քահանայապետական պալաատներու ու  մուտքը անվճառ պիտի ըլլայ մէկ շաբաթ ամբողջ։

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի թանգարաններն ու քահանայապետական պալատները, քորոնա ժահրի համաճարակի պատճառաւ գրեթէ երկու ամին փակ մնալէ ետք, վերջապէս մէկ յունիսէն, իր դռները բացաւ զբօսաշրջիկներու եւ այցելուներուն առջեւ։  

Վատիկանի քաղաքի պետութեան որոշումով, ի երախտագիտութիւն քորոնա ժահրի դէմ պայքարի առաջնագիծին վրայ գտնուող բժիշկներուն,հիւանդապահներուն, եւ առողջապահական գործիչներուն, մէկ շաբաթ տեւողութեամբ, 8էն- 13 յունիս, վատիկանի թանգարաններուն եւ քահանայապետական պալատներու մուտքը անվճառ պիտի ըլլայ հերոս բժիշկներուն ու հիւանդապահներուն համար։ 

Լուրը հաղորդեց Վատիկանի քաղաքի պետութիւնը հրապարակելով մէկ հաղորդագրութիւն մը ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2020, 10:42