Բոյսի առողջութեան պահպանման միջազգային տարի Բոյսի առողջութեան պահպանման միջազգային տարի 

Քահանայապետին Հայաստան կատարած այցի մէկ պատկերով Վատիկանեան նոր դրոշմաթուղթ։

Դրոշմաթուղթը նուիրուած «Բոյսի առողջութեան պահպանման միջազգային տարիին»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը 2020 թուականը յայտարարած է «Բոյսի առողջութեան պահպանման միջազգային տարի», որուն առթիւ Վատիկանը, միանալով նախաձեռնութեան, թողարկած է յատուկ նամականիշ, որուն պատկերը կը հայի  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան, ուր Նորին Սրբութիւնը եւ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, միասին կը ջրեն խորհրդանշական Նոյան Տապանի մէջ զետեղուած որթատունկը, որ կը խորհրդանշէ կեանքը, եւ այդ արրարքով  հաստատելով՝  որ բոյսի ու շրջապատի հարցը ունի նաեւ հոգեւոր կարեւոր արժէք, ինչպէս ի յայտ կու գայ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին բնապահպանութեան նիւթին նուիրուած «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականէն։

Նամականիշը թողարկուած է 23 Յունիս 2020-ին, Սրբազան Պապին Հայաստան կատարած պատմական այցին չորրորդ տարեդարձի նախօրեակին (24 – 26 Յունիս 2016)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2020, 07:07