Գերապայծառ Եուրքովիչ Գերապայծառ Եուրքովիչ 

«Ցեղային խտրականութիւնը բացարձակապէս անհանդուրժելի է». Սուրբ Աթոռը ՄԱԿ-ին։

Գերապայծառ Եուրքովիչ բոլոր Պետութիւնները հրաւիրեց ճանչնալու, պաշտպանելու եւ խթանելու ամէն մէկ անհատի մարդկային հիմնական իրաւունքները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ թէ ցեղային խտրականութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով բացարձակապէս անհանդուրժելի է։ Այս կ՛ընէ Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ գերապայծառ Իվան Եուրքովիչին միջոցաւ, որ ելոյթ ունեցաւ Մարդկային Իրաւունքներու Խորհուրդի 43-րդ նստաշրջանին, որուն կեդրոնական նիւթն էր «Ներկայիս ցեղային խտրականութեամբ ներշնչումով մարդկային իրաւունքներու խախտումը, համակարգային ցեղապաշտութիւն, ոստիկանութեան դաժանութիւն եւ խաղաղ ցոյցերու դէմ բռնութիւն»։

Գերապայծառ Եուրքովիչ բոլոր Պետութիւնները հրաւիրեց ճանչնալու, պաշտպանելու եւ խթանելու ամէն մէկ անհատի մարդկային հիմնական իրաւունքները։

«Մարդկային ընտանիքի բոլոր անդամները, ստեղծուած Աստուծոյ նմանութեան ու պատկերի համաձայն, հաւասար են  իրենց ներքին արժանապատւութեամբ, անկախ անոնց ցեղէն, ազգութենէն. սեռէն, ծագումէն, մշակոյթէն ու կրօնէն» նշեց գերապայծառ Եուրքովիչ, որ մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը հաստատեց՝ թէ «կարելի չէ հանդուրժել եւ աչքերը փակել ի տես ցեղապաշտ որեւէ դրսեւորումի, կամ ընկերային բացառումի, ու միաժամանակ պահանջել մարդկային կեանքին սրբութեան պաշտպանութիւնը»։

«Ժամանակն է վերջ դնելու նախապաշարումներուն, ու փոխադարձ անվստահութեան երեւոյթներուն, որոնք հիմքն են խտրականութեան, ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան» աւելցուց Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը՝ հաստատելով նաեւ որ ոչ մէկը պէտք է ինքզինք կղզիացած զգայ եւ ոչ մէկը իրաւունք ունի ոտնակոխ ընելու ուրիշներուն իրաւունքներն ու արժանապատւութիւնը։

«Մարդկային անձեռնմխելի արժանապատւութիւնը ոտնակոխելը կը նշանակէ ոտնակոխ ընել սեփական արժանապատուութիւնը» ըսաւ ապա Գերապայծառ Եուրքովիչ դարձեալ ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերուն.  Բռնութիւնը ինքնակործան է եւ ինքնավնաս է. Ոչ մի բան կը շահինք բռնութեամբ եւ կը կորսնցնենք շատ բաներ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2020, 08:42