Աղօթքի ընթացքին առնուած լուսանկար։ Աղօթքի ընթացքին առնուած լուսանկար։  

Քրիստոնէական վարդապետութեան նոր ուղեցոյցը։«Աւետարանը միշտ այժմէականացնել հանդիպումի մշակոյթով։»

Քրիստոնէական վարդապետութեան նոր  ուղեցոյցի իւրայատուկ է ընդգծել աւետարանի առաջին հռչակումի եւ հաւատքի հասունացման սերտ զօդը՝ հանդիպումի մշակոյթի լոյսի ներքոյ,

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 25 յունիսին, Վատիկանի «Յովհաննէս Պօղոս Բ» անուան դահլիճէն ներս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ Քահանայապետական նոր աւետարանումի խորհուրդի կողմէ խմբագրուած Քրիստոնէական  Վարդապետութեան նոր ուղեցոյցը, որուն վերնագիրն է «Աւետարանը միշտ այժմէականացնել հանդիպումի մշակոյթով»։

Ունկնդրէ լուրը

Ներկայացումին ելոյթ ունեցողներու շարքին զրուցեց Քաճանայապետական նոր աւետարանումի խորհուրդի  նախագահ գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան։ Քրիստոնէական վարդապետութեան նոր ուղեցոյցի առնչութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Քրիստոնէական վարդապետութեան նոր ուղեցոյցի իւրայատուկ է ընդգծել Աւետարանի առաջին հռչակումի եւ հաւատքի հասունացման սերտ զօդը՝ հանդիպումի մշակոյթի լոյսի ներքոյ, դէմ յանդիման գալու համար եկեղեցւոյ՝ժամանակակից շրջանին երկու մարտահրաւէրներուն՝ թուային եւ համաշխարհայնացումի մշակոյթի մարտահրաւէրներ։

Նոր ուղեցոյցը վաւերացուած է ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ անցեալ 23 մարտ 2020ին, Սուրբ Turibio di Mogrovejo ծիսական տօնին օրը։ Սուրբ Թուրիպիօ 16 դարուն եղած է քրիստոնէական վարդապետութեան ու աւետարանումի խթանումի ջատագովներէն մին։

300 էջերէ բաղկացած նոր ուղեցոյցը բաժնուած է երեք մասերու ու կը պարունակէ  12 գլուխ։

Առաջին մասը կը կրէ «Քրիստոնէական վարդապետութիւնը եկեղեցւոյ աւետարանումի առաքելութեան մէջ» տիտոսը՝ նուիրուած կրօնուսուցիչներուն կազմաւորումին, որպէսզի կրօնքի ուսուցիչները  հաւատքի հաւատաւոր վկաները դառնան ու անշահախնդրութեան, նուիրումի եւ առաքաելութեան հոգիով գործեն։

Երկրորդ մասը կը կրէ «քրիստոնէական վարդապետութեան գործընթացը» տիտղոսը։ Այս բաժինին մէջ շեշտուած է ընտանիքի կարեւորութիւնը։ Նշուած է, որ ընտանիքը աւետարանումի ենթական է ու բնական վայրը՝ հաւատքը պարզութեամբ ապրելու։  Ընտանիքը քրիստոնէական վարդապետութեան դաստիարակութեան վայրն է եւ ոչ թէ անոր ուսուցումի վայրը։

Երրորդ բաժինը կը կրէ «քրիստոնէական վարդապետութիւնը տեղական եկեղեցիներու մէջ» տիտղոսը։ Այս բաժինին  մէջ ընդգծուած է ժողովրդապետութիւններուն դերակատարութիւնը։ 

Ինչ կը հայի դպրոցներուն, խնդրուած է որ դպրոցները՝ հաստատութիւն- դպրոցէ անցնին ու դառնան հաւատքի հասարակութիւն,  ունենալով կրթական ծրագիր մը՝ հիմնուած աւետարանի արժէքներուն վրայ։

Ուղեցոյցի մէջ յատուկ բաժիններ նուիրուած է համամիութենականութեան եւ հրէաներու ու իսլամներու հետ միջկրօնական երկխօսութեան։ Համամիութենական բաժինին մէջ ընդգծուած է միութեան փափաքը հրահրելու կարեւորութիւնը, աւետարանումի՝ հաւատաւոր միջոցներ դառնալու համար։ Մինչ միջ կրօնական բաժինին մէջ քաջալերուած է երկխօսութիւն կատարել ՝պայքարելու համար հակասեմականութեան դէմ ու խթանելով խաղաղութիւն ու արդարութիւն։

Ուղեցոյցի մէջ յատուկ գլուխ մը նուիրուած է գիտական մարզին, նկատել տալով, որ  գիտութիւնը մարդու ծառայութեան տակ կը գտնուի, մարդկային կեանքի պայմանները բարելաւելու համար, կը յորդորուի լուսաբանել հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ ակնյայտ բախումները, արժէքաւորելով  քրիստոնեայ գիտնականներու վկայութիւնները։

Վերջապէս ուղեցոյցի մէջ արծարծուած է նաեւ բնապահպանական դարձի գալու նիւթը, քաջալերելով զարգացնել զայն քրիստոնէականութեան մը միջոցաւ, որ ուշադիր է արաչագործութեան պահպանումին եւ հեռու է սպառողական երեւոյթներէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2020, 11:30