Վատիկանի դրմատունը Վատիկանի դրմատունը 

Վատիկանի դրամատան 2019 տարուան հաշուեկշիռը։

2019 տարուան ընթացքին Վատիկանի դրամատունը խստութեամբ եւ խոհեմութեամբ ֆինանսական ծառայութիւնները մատուցեց Վատիկանի մէջ քաղաքի եւ ամբողջ կաթողիկէ եկեղեցիներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութեան համաձայն, հրապարակեցուեցաւ Վատիկանի դրամատան 2019 տարուան հաշուեկշիռը, որ միաձայնութեամբ հաստատուած է՝ անցեալ 28 ապրիլին, գերագոյն խորհուրդին կողմէ եւ դրամատան սահմանադրութեան համաձայն, հաշուեկշիռի փաստաթուղթը փոխանցուած կարդինալական խորհուրդին, որուն մէջ ընդգծուած է ֆինանասական տուեալներուն կայունութիւնն ու բարձր որակը ու անոր  համապատասխանութիւնը միջազգային ամենաբարձր չափանիշերուն։

Շահոյթի ամբողջական բաշխումը։

Ֆրանչիսկոս Պապին ցուցմունքներուն համահունչ, այս տարի եւս կարդինալական յանձնախումբը վաւերացուց շահոյթներու ամբողջական բաշխումը։

Վատիկանի դրամատան հաշուեկշռի տեղեկագիրին մէջ նշուած է, որ 2019 տարուան ընթացքին, Վատիկանի դրամատունը, խստութեամբ եւ խոհեմութեամբ ֆինանսական ծառայութիւնները մատուցեց Վատիկանի մէջ եւ ամբողջ կաթողիկէ եկեղեցիներուն։

Դրամատունը իր բոլոր գործողութիւններու եւ աշխատանքներուն ծիրէն ներս առաւելագոյն յանձնառութեամբ շարունակեց համահունչ ըլլալ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան եւ սկզբունքներուն։ նշուած է տեղեկագիրին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2020, 09:31