2018-Francis-Bari.jpeg

Կարդինալ Քոխի հարցազրոյցը՝ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Քահանայապետական Խորհուրդի 60 ամեակին առթիւ։

Գիտակից եմ թէ կայ միայն մէկ համամիութենական մատակարար որ է Սուրբ Հոգին, մենք բոլորս անոնք գործիքներ ենք։ Այս տարեդարձը առիթ է շնորհակալ ըլլալու Սուրբ Հոգիին ու Անորմէ խնդրելու որ շարունակէ ընկերակցիլ համամիութենական ուղեւորութեան մեզի թոյլ տալով օր ըստ օրին, դրական քայլեր իրականացնել, որոնք մեզ միշտ աւելիով մօտեցնեն եկեղեցւոյ միութեան։
Կարդինալ Քոխ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

5 Յունիս 2020-ին կը յիշատակուի Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Քահանայապետական Խորհուրդի Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապի կողմէ հաստատման 60 ամեակը։ Ան նախ ծնունդ առած էր՝ որպէս «Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Քարտուղարութիւն», ապա 1988-ին դարձաւ Քահանայապետական խորհուրդ, որ Քահանայապետի անունով կը վարէ համամիութենական երկխօսութիւններ քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներու ու հասարակութիւններու հետ, որպէս նպատակ ունենալով Քրիստոսի միակ Մարմնին միութիւնը, որ պատմութեան հոլովոյթին վիրաւորուած է բազմաթիւ բաժանումներու հետեւանքով։

Ունկնդրէ լուրը

Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Քահանայապետական Խորհուրդի 60 ամեակին առթիւ Խորհուրդի Նախագահը՝ Կարդինալ Քիւրդ Քոխ Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին մատնանշեց  թէ այս 60 տարուայ մէջ, տեղի ունեցան բազմաթիւ զարգացումներ եւ յառաջընթաց՝ միութեան ճանպահի ուղիով։

Կարդինալ Քոխի համաձայն խորհուրդը հիմնուած է երեք կարեւոր սիւներու վրայ՝  որոնք յատուկ կերպով թիկունք կը կանգնին համամիութեան, եղբայրսիրութեան երկխօսութիւնը, ճշմարտութեան երկխօսութիւնը, ապա բոլոր հաւատացեալներուն միասնական եւ հաւատարիմ մասնակցութիւնը ՝Յիսուսին քահանայական աղօթքին «որպէսզի ամէնքը մի ըլլան»։

Կարդինալ Քոխ հարցազրոյցին մէջ կը նշէ թէ հակառակ դէպի առաջ առնուած քայլերուն համամիութեան իսկական նպատակը՝ այսինքն Եկեղեցւոյ միութեան վերահաստատումը տակաւին չէ իրականացած։

Համամիութիւնը նուէրներու փոխանակում

Խօսելով ապա համամիութենական գործընթացի մասին, որ որակուած է՝ որպէս «նուէրներու փոխանակում», Կարդինալ Քոխ  յայտնեց թէ ամէն մէկ եկեղեցի կարող է իր յատուկ սատարը տալ միութեան վերահաստատումին համար, ամէն մէկ եկեղեցի ունի իր իւրայատկութիւնը եւ միւսները կարող են այդ իւրայատկութիւնները իւրացնել ու անոնցմով հարստանալ։

«Համամիութեան բոլոր գործունէութիւնն ու ջանքերը պէտք է ծառայեն քրիստոնեաներու միութեան վերականգնումին համար ու հարկաւոր ամէն անգամ ստուգել եթէ այդ քայլերը կը համապատասխանեն նպատակին» յարեց ապա Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Խորհուրդի Նախագահը,  նշելով՝ որ եղբայրսիրութեան երկխօսութիւնը մեծապէս օգտակար եղաւ  շրջանցելու համար անցեալի նախապաշարումները, միեւնոյն ժամանակ սակայն կարեւոր եղաւ նաեւ ճշմարտութեան երկխօսութիւնը, այսինքն աստուածաբանական վերլուծումը՝ այն հակասական հարցերուն, որոնք պատմութեան ընթացքին պատճառ դարձան  բաժանումի ստեղծման։

Աւելի շատ են այն բաները որ մեզ կը միացնեն քան անոնք որ մեզ կը բաժնեն

«Երկխօսութիւններու ընթացքին ի յայտ եկաւ թէ շատ աւելի են այն բաները որոնք մեզ կը միացնեն քան մեզ բաժնողները» ըսաւ Կարդինալ Քոխ շեշտը դնելով  համամիութեան հիմնական մէկ այլ երեւոյթի վրայ՝ այն է թէ բոլոր հաւատացեալները մասնակցին  Յիսուսի քահանայական աղօթքին՝ «որպէսզի բոլորը մէկ ըլլան»։

Այս աղօթքը մեր մէջ արթուն կը պահէ գիտակցութիւնը թէ Եկեղեցւոյ միութիւնը կը համապատասխանէ Տիրոջ կամքին։

 «Ut unum sint» Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին շրջաբերականը

Հարցազրուցի ընթացքին Կարդինալ Քոխ անդրադարձ կատարեց նաեւ  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին 25տարիներ առաջ համամիութեան մասին  հրապարակած «Ut unum sint» շրջաբերականի մասին, որ մեծ ու կարեւոր դեր մը ունի համամիութեան գործընթացին մէջ։  «Պատմութեան մէջ այդ առաջին անգամն էր որ Քահանայապետը մը շրջաբերական մը կը հրապարակէր համամիութեան մասին», դիտել տուաւ Կարդինալ Քոխը ակնարկելով նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին այլ կարեւոր մէկ քայլին. «Իմանալով որ Պետրոսեան առաջնութիւնը կարող էր  համամիութեան ընթացքին արգելքներէն մին հանդիսանալ, ան նամակ մը յղեց համայն համամիութենական հասարակութեան, որուն մէջ պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ «եղբայրական համբերատար երկխօսութեան» միջոցաւ  քննարկելու հարցը»։ Սոյն առաջարկը ներկայացուցին նաեւ Անոր յաջորդները՝  Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը եւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Քահանայապետերու յանձնառումը համամիութեան ուղիին վրայ։ 

Կարդինալ Քոխ հաստատեց ապա թէ պէտք է երախտապարտ ըլլանք բոլոր Քահանայապետերուն՝ որոնք յանձնառու եղան շարունակելու Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին ընթացքը՝ վերականգնելու համար քրիստոնեաներուն միութիւնը։ Ան ապա ակնարկեց Յոբելենական այս տարուան առթիւ Եպիսկոպոսներուն յատկացուած համամիութեան հայող հրապարակուելիք ուղեցոյցին, որուն նպատակն է օգնել եպիսկոպոսներուն՝ ի գործ դնելու համար համամիութենական իրենց պատասխանատուութիւնը

Անդրադառնալէ ետք ապա Խորհուրդի տարբեր գործունէութիւններուն եւ «Acta Oecumenica» պարբերաթերթին հարցազրոյցի աւարտին Կարդինալ Քոխ յայտնեց թէ համաճարակը թէեւ արգելք եղաւ անձնական ու անմիջական հանդիպումներուն  բայց եւ այնպէս ներկայի դժուար կացութիւնը սատարեց քրիստոնեայ եկեղեցիներուն, որոնք կը գտնուին միեւնոյն նաւուն վրայ, աւելիով իրար մօտենալու։ Այս մէկը ի յայտ եկաւ երբ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիները իրեն միանալու 25 մարտ 2020ին Հայր Մերի աղօթքին՝  համաճարակի աւարտին համար։ «Այդ հրաւէրին ընդառաջեցին  նամակի հասցէատէրերու մեծամասնութիւնը եւ այս մէկը ցոյց կու տայ թէ որքան խորացած են համամիութենական յարաբերութիւնները եւ որքանով կարող են աւելիով խորանալ այսպիսի դժուար պարագաներու ընթացքին» ըսաւ ապա Կարդինալ Քոխը որ իր անձնական փորձառութեան հայող վերջին հարցումին պատասխանելով, նախ շնորհակալ եղաւ երկու Քահանայապետերուն, որոնք զինք անուանեցին ու հաստատեցին այդ պաշտօնին վրայ,  ապա վկայեց թէ համամիութենական աշխատանքին մէջ շատ աւելի է այն ինչ որ կը ստանաս քան այն ինչ որ կարող ես տալ։

Սուրբ Հոգին համամիութեան մատակարար

Գիտակից եմ թէ կայ միայն մէկ համամիութենական մատակարար որ է Սուրբ Հոգին, մենք բոլորս անոր գործիքներ ենք։ Այս տարեդարձը առիթ է շնորհակալ ըլլալու Սուրբ Հոգիին ու Անորմէ խնդրելու որ շարունակէ ընկերակցիլ համամիութենական ուղեւորութեան, մեզի թոյլ տալով  օր ըստ օրին, դրական քայլեր իրականացնել, որոնք մեզ միշտ աւելիով մօտեցնեն եկեղեցւոյ միութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2020, 07:00