Վարդարանի Տիրամայրը Վարդարանի Տիրամայրը 

Փոմփէի Սրբավայրին մէջ «Վարդարանի Տիրամօր նուիրուած աւանդական աղերսը»։

«Սրբազան Քահանայապետը մեզի կը յիշեցնէ որ Վարդարանը հեզերուն եւ սուրբերուն աղօթքն է։ Վարդարանով մենք կ՛աղօթենք Մօր մը, Մօր մը որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Որդին ու մեզի ցոյց կու տայ թէ Ան է մեր Փրկիչը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մայիս ամիսը մեր Երկնաւոր Մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր նուիրուած ամիս է եւ աւանդութիւն է որ աշխարհի տարբեր քաղաքներու Մարեմեան սրբավայրերուն մէջ, կազմակերպուին յատուկ ուխտագնացութիւններ, ջերմեռանդական աղօթքներ եւ նուիրուածութեան արարքներ,  թէեւ այս տարի, համաճարակի բերումով շատ մը ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան սահմանափակ ձեւերով։

Ուրբաթ  8 մայիսին, Իտալիոյ հարաւը գտնուող  Փոմփէյ քաղաքի Տիրամօր նուիրուած Սրբավայրին մէջ՝ տենչագին աղերսական աղօթք մը կը բարձրանայ առ Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր, որուն մասնակցելու կոչ ուղղած էր նոյնինքն Ֆրանչիսոս Պապը, անցեալ չորեքշաբթի օր՝ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, խրախուսելով բոլոր  հաւատացեալները հոգեպէս միանալու այդ «հաւատքի եւ ջերմեռանդութեան ժողովրդական արարքին, որպէսզի, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, Տէրը Եկեղեցւոյ եւ համան աշխարհին պարգեւէ ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն»։

Տիրամօր նուիրուած սոյն աղերսի արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի 8 մայիսին եւ ապա հոկտեմբերի առաջին կիրակին, որուն առթիւ կ՛ընթերցուի աղօթքը՝ զոր յօրինած է երանելի Պարթոլօ Լոնկոն, որ եղած է նաեւ Փոմփէի Տիրամօր Սրբավայրին հիմնադիրը։

Աղօթքին վերնագիրն է «Սիրոյ արարք առ Սուրբ Կոյս» ու պատասխան է Լեւոն ԺԳ Քահանայապետին (Քահանայապետը որ Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան տրամադրութեան տակ դրաւ Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանը) «Supremi Apostolatus officio» շրջաբերական թուղթին, որով ան հրաւէր ուղղած է Վարդարանը աղօթելու՝ դիմագրաւելու համար ընկերութեան չարիքները։

Այս տարուայ աղերսական աղօթքը տեղի կ՛ ունենայ 8 մայիսի առաւօտեան ժամը 11-ին, Նափոլի քաղաքի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Քրեշենցիօ Սեփթի գլխաւորութեամբ, որուն հետ կը համապատարագէ նաեւ Փոմփէի Արքեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Թոմմազօ Քափութոն։ Արարողութեան ընթացքին, Փոմփէի Տիրամօր կը յանձնուի Քովիտ19 համաճարակին թիրախ համայն մարդկութիւնը։

8 Մայիսի երեկոյեան նախատեսուած է նաեւ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը եւ 18.30 սկիզբ կ՛առնէ գոհաբանութեան իննօրեան։ Բոլոր արարողութիւնները տեղի կ՛ունենան առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան ու կը սփռուին  ուղիղ եթերով։

Փոմփէի Տիրամօր աղերսանքի օրուան առթիւ, Փոմփէի Արքեպիսկոպոսս գերապայծառ Թոմմազօ Քափութօ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթքին մասնակցելու՝ «իրենց Մօր դիմող զաւակներու սրտով»։

«Մենք կարիքը ունինք ամէն բանի եւ գիտակից ըլլալու ենք թէ փաստաբան մը ունինք երկնքի մէջ…Տիրամայրըն։  Անոր է որ պէտք է դիմենք ու խնդրենք յարատեւօրէն, որպէսզի Ան, ինչպէս ըրաւ Կանայի հարսանիքի ժամանակ, բարեխօսէ իր Որդւոյն մօտ» ըսաւ գերապայծառ Քափութօ որ ապա պատասխանելով Ֆրանչիսկոս Պապին Վարդարանը աղօթելու յարատեւ հրաւէրներու մասին հարցումի մը, հաստատեց՝ թէ «Ֆրանչիսկոս Պապը մարեմեան սիրտ ունի։ Ան սիրահարուած է Տիրամօր»։

«Սրբազան Քահանայապետը մեզի կը յիշեցնէ որ Վարդարանը հեզերուն եւ սուրբերուն աղօթքն է։  Վարդարանով մենք կ՛աղօթենք Մօր մը որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Որդին ու մեզի ցոյց կու տայ թէ Ան է մեր Փրկիչը» ըսաւ ապա գերապայծառ Քափութօ նշելով նաեւ որ «Վարդարանը այդ շղթան է որ մեզ կը կապէ Աստուծոյ ու մեզ բոլորս կը դարձնէ եղբայրներ։ Վարդարանը այն աղօթքն է որ դրոշմուած է պատմութեան դժուար պահերու յիշողութեան մէջ եւ այսօր համայն մարդկութիւնը կ՛ապրի դժուար պահ մը. որուն համար հարկաւոր է դիմել մեր Մօր՝ Տիրամօր» ըսաւ Փոմփէի Արքեպիսկոպոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2020, 08:41