Հասարակաց Տան խնամք Հասարակաց Տան խնամք 

«Շատ ուշ ըլլալէ առաջ, կարիքը կայ բնապահպանական դարձի մը». Միջազգային Քարիթաս։

«Գովեալ ըլլաս»ի այս հինգերորդ տարեդարձին ոգեկոչումը հնարաւորութիւն ընծայէ աւելի լուրջ խորհրդածութեան եւ փոփոխութեան, որպէսզի բոլորս ալ յանձնառու ըլլանք, միասին կառուցելու նոր աշխարհ մը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քովիտ19 ժահրի համաճարակը ի յայտ դրաւ ժամանակակից մեր աշխարհի խոցելիութիւնն ու դիւրաբեկութիւնը, ամրապնդելով Ֆրանչիսկոս Պապին մարգարէական խօսքերը, ի խնդիր մեր Մայր Երկրին խնամատարութեան»։  Այսպէս կը գրէ Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղար՝ Ալոյիզիուս Ժոնը, 16 - 24  մայիս Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան բաժանմունքի կողմէ հռչակուած «Գովեալ Ըլլաս»-ի շաբաթին առթիւ, որուն նպատակն է տօնախմբել Սրբազան Քահանայապետին հասարակաց տան խնամքին նուիրուած  «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի  հրատարակութեան հինգերորդ տարեդարձը։

«Փաստաթուղթ մը որ ցոյց ու տայ՝ թէ բոլորս իրարմէ կախուած ենք եւ իրարու միջեւ  կապի մէջ ենք, ու թէ կարելի չէ ապրիլ առանց հաշուի առնելու միւսները» կը գրէ Քարիթասի ընդհանուր քարտուղարը, աւելցնելով՝ որ «բոլորս ալ հաւասարապէս ու միասին պատասխանատու ենք ու մեր պարտականութիւնն է պահպանել բոլոր մարդ էակները, շրջապատը, բնութիւնն ու ընկերութիւնը, որուն մէջ կ՛ապրինք»։

«Հարկաւոր է առ այդ բնապահպանական դարձ մը նախ քան որ շատ ուշ ըլլայ» կը հաստատէ Ալոյիզիուս Ժոնը, մաղթանք յայտներով որ «Գովեալ ըլլաս»ի այս հինգերորդ տարեդարձին ոգեկոչումը հնարաւորութիւն ընծայէ աւելի լուրջ խորհրդածութեան եւ փոփոխութեան, որպէսզի բոլորս ալ յանձնառու ըլլանք, միասին կառուցելու նոր աշխարհ մը, ուր իւրաքանչիւրս կարող ըլլայ լսելու հողին ճիչը, աղքատներուն ճիչը, եւ կառուցելու աւելի արդար ընկերութիւն մը որ պահպանէ բնութիւնը ու շրջապատը»։

«Պէտք է որ զօրակցութեան հոգին, որ ի յայտ եկաւ համաճարակի ընթացքին շարունակուի ու նաեւ կիրարկուի արարչութեան նկատմամբ, անձնական եւ հասարակական պատասխանատուութեամբ մը հեռանկարով» կը հաստատէ  Քարիթասի ընդհանուր քարտուղար Տիար Ալոյիզիուս Ժոնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2020, 06:37