Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր արձանը Վատիկանի մէջ Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր արձանը Վատիկանի մէջ 

Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր արձանը Տոմուս Սանթա Մարթայի Մատրան մէջ

Այսօր սկիզբ կ՛առնէ նաեւ մայիս ամիսը որ 14-րդ դարէն սկսեալ, Արեւմտեան Եկեղեցւոյ կողմէ նուիրուած է Ս. Կոյս Մարիամին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ մէկ մայիս 2020-ին Լատին Եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Յովսէփ Աշխատաւորի տօնը որուն առիթով՝ Իտալական քրիստոնեայ աշխատաւորներու ընկերակցութիւնը  Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուռ փոխադրեց ընկերակցութեան պաշտպան սուրբ՝ Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր արձանը, որուն ներկայութեամբ է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատոյց մէկ մայիսի սուրբ պատարագը։

1956-ի մայիս մէկին այդ նոյն արձանը օրհնուած էր այդ ժամանակուայ Միլանի Թեմին Արքեպիսկոպոս՝  Ճովաննի Պաթթիսա Մոնթինիի կողմէ, ապա յաջորդ օրը 2 մայիսին փոխադրուած էր Հռոմ որպէսզի ընդունէր Պիոս ԺԲ քահանայապետին օրհնութիւնը, Քահանայապետին Իտալացի քրիստոնեայ բանուորներու ընկերակցութեան  շնորհած ունկնդրութեան առթիւ։ Ունկնդրութիւնը կը զուգադիպէր Փաչելլի Քահանայապետի կողմէ հաստատուած Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր նուիրուած տօնի հռչակումի առաջին տարեդարձին։

Այսօր ապա սկիզբ կ՛առնէ նաեւ մայիս ամիսը որ 14-րդ դարէն սկսեալ, Արեւմտեան Եկեղեցւոյ կողմէ նուիրուած է Ս. Կոյս Մարիամին, որուն ընթացքին Եկեղեցին կը հրաւիրէ  հաւատացեալները ջերմեռանդակկան աղօթքներ կատարելու եւ մեծ խանդով տօնելու Աստուածամայրը՝ յատկապէս աղօթելով սուրբ Վարդարանը։ Արդարեւ անցեալ օրերուն Քահանայապետը նամակ մը յղեց աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն խրախուսելով զանոնք իրենց տուներուն մէջ աղօթելու Վարդարանը, հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը համաճարակի աւարտին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2020, 21:00