Վատիկանի Առաքելական Մատենադարանը Վատիկանի Առաքելական Մատենադարանը 

Մէկ Յունիսին վերաբացումը կը կատարուի Վատիկանի Մատենադարանին ու Առաքելական Արխիւներուն։

Առաքելական Արխիւներու վերաբացումը առիթ է մասնագէտներուն եւ պատմաբաններուն կարելիութիւնը ունենալ ուսումնասիրելու Պիոս ԺԲ Քահանայապետի Քահանայապետութեան (1939-1958), հայող փաստաթղթերը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 8 մարտ 2020էն փակ մնացած Վատիկանի Մատենադարանն ու Առաքելական Արխիւները կը վերաբացուին յառաջիկայ մէկ Յունիսին։ Լուրը հաղորդած է Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Մենտոնսան՝ Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ Արխիւիստ եւ Մատենադարանապետ, Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին մէջ 28 մայիսին հրապարակած յօդուածի մը միջոցաւ, որուն մէջ ան անդրադարձ կատարած է քրիստոնեային համար «յիշողութեան» կարեւորութեան մասին։

«Հաւատացեալին յիշողութիւնը «անցեալին մէջ կը գտնէ խոստումը որ երաշխիք է անոր ապագային»։ Հաւատացեալին յիշողութիւնը յետադարձ հայեացք մը չէ այլ հեռանկարային է, անիկա աղբիւր է փոխակերպումի եւ ոչ թէ լճացումի, նորոգումի եւ ոչ թէ կրկնութեան» գրած է Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Մենտոնսան։

Առաքելական Արխիւներու վերաբացումը առիթ է նաեւ մասնագէտներուն եւ պատմաբաններուն կարելիութիւնը ունենալ ուսումնասիրելու Պիոս ԺԲ  Քահանայապետի Քահանայապետութեան (1939-1958), հայող փաստաթղթերը, որոնք մատչելի դարձած էին պաշտօնապէս՝ միայն 2 մարտ 2020-ին, արխիւներու ժամանակաւոր փակումէն 6 օրեր առաջ։

Նշենք թէ մէկ Յունիսէն սկսեալ հանրութեան առջեւ կը բացուին նաեւ Վատիկանի Թանգարանները, պարտէզներն ու  Քահանայապետական ամարանոցի դռները։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2020, 08:37