Սուրբ Պետրոսի տաճար Սուրբ Պետրոսի տաճար 

Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանագիրով Վատիկանի «տուեալներուն մշակման կեդրոն»ի կախումնաւորութիւնը պիտի անցնի Վատիկանի տնտեսական քարտուղարութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապին տնօրինումով Վատիկանի մէջ կը շարունակուին տնտեսական բարեկարգումի աշխատանքները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, 11 մայիս թուակիր յայտարարութեամբ տեղեկութիւններ տուաւ  ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին տնօրինումով, Վատիկանի մէջ կայացած  կարգ մը փոփոխութիւններուն մասին ։
Յայտարարութեան մէջ նշուած  է
Հաշուի առնելով Սուրբ Աթոռի տնտեսական և ֆինանսական տեղեկատւութեան  աւելի լաւ կազմակերպութիւնը  որպէսզի երաշխաւորուի գործունէութեան պարզեցումը և վերահսկողութիւններու արդիւնաւէտութիւնը,  որովհետև  անոնք հիմնական են  Հռոմի քուրիային գործունէութեան  եւ ուղի աշխատանքին ,Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ հրահանգ տուաւ, որ

Վատիկանի Տուեալներու մշակման կեդրոնի (CED) պատասխանատուութիւնը անցնի  Առաքելական Աթոռին կալուածներու մատակարարութեան գրասենեակէն,Վատիկանի Տնտեսութեան քարտուղարութեան, յարգելով  սահմանուած փոխըմբռնման  պայմանները ստորագրուած

Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոյին կողմէ եւ գերապայծառ Հայր Խուան Անթոնիօ Կուեռերոյին կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանագիրով, Վատիկանի տուեալներու մշակման կեդրոնի պատասխանատուներու ու անձնակազմի կախումնաւորութիւնը  պիտի անցնին Վատիկանի Տնտեսութեան քարտուղարութեան։

 Ֆրանչիսկոս Պապի որոշումով սոյն հրամանագիրը անմիջապէս կը հրապարակուի Osservatore Romano օրաթերթին մէջ 20 մայիս 2020ին   եւ ուժի մէջ պիտի մտնէ յառաջիկայ մէկ յունիսին։


Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2020, 12:52