Որոնել

Գիտական հետազօտութիւն Գիտական հետազօտութիւն 

Սուրբ Աթոռ. Քորոնաժահրին ի տես հարկաւոր է համընդհանուր պատասխան եւ թափանցիկութիւն՝ օգնելու համար բոլորին։

Համաճարակ, Եկեղեցի եւ զօրակցութիւն, ասոնք եղան ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչի զեկոյցին առանցքային կէտերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քորոնաժահրի կապակցութեամբ միջազգային տագնապը մարդկութիւնը կը դնէ պատմութեան աննախադէպ իրավիճակի մը դիմաց։ Այսօր աւելի քան երբեք կը զգացուի ազգերու միջեւ միջկախուածութեան անհրաժեշտութիւնը՝  եւ առողջութիւնը նկատելու առաջնահերթ բարիք մը, զոր պէտք է պաշտպանել համաշխարհային գետնի վրայ, համադրուած զօրակցութեամբ եւ գործունէութեամբ»։  Հազումն է սա Սուրբ Աթոռի ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դէտ գերապայծառ Իվան Եուրքովիչին զոր արտայայտեց՝  ՄԱԿ-ի ժընեւի կեդրոնին մէջ Առողջապահութեան 73րդ համաշխարհային նստաշրջանի ծիրէն ներս, որ առաջին անգամն ըլլալով տեղի ունեցաւ տեսաձայնագրութեան միջոցաւ:

Վատիկանի դիւանագէտը շեշտը դրաւ Ֆրանչիսկոս Պապին մտահոգութեան ու կոչին վրայ չմոռնալու դիւրաբեկները որոնք կ՛ապրին աշխարհի արուարձաններուն մէջ, այս ծիրէն ներս ընդգծելով Եկեղեցւոյ աջակցութիւնը՝ իր 5 հազար կաթողիկէ հիւանդանոցներով եւ 16 հազար բուժարաններով, որոնք անյապաղ կը գործեն «առողջապահական ծառայութիւն ապահովեցնելու համար բոլորին ու յատկապէս աղքատ եւ անտեսուած անձերուն»։

Գերապայծառ Եուրքովիչ յիշեց նաեւ այն բոլոր կղերականները ու կրօնաւոր - կրօնաւորուհիները,  որոնք համաճարակի այս տագնապին մէջ կը գործեն առաջին գիծի վրայ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռին յանձնառումը՝ սատարելու Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տագնապի հիմնադրամին՝ «Առողջապահութեան մասնագէտներուն անհատական ​​պաշտպանութեան միջոցներ տրամադրելու համար»:

«Սուրբ Աթոռը կը գնահատէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան յանձնառումը՝  կրօնական ղեկավարներուն հետ երկխօսութիւն հաստատելուն համար,  ի  երաշխաւորութիւն՝  ծիսական արարողութիւններն եւ  հաւատքները կատարելու առողջապահական ապահով միջոցներով» նշեց իր զեկոյցին մէջ գերապայծառ Եուրքովիչ եւ նորոգեց Սուրբ Աթոռին լիակատար աջակցութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի «համաշխարհային համընդհանուր զինադադարի» կոչին, այս ուղղութեամբ մատնանշելով նաեւ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրին՝  թուլացնելու միջազգային պատժամիջոցները, նուազեցնելով եւ ի հարկին նաեւ ջնջելով հանրային պետական պարտքը, որպէսզի ամէն մէկ Պետութիւն կարող դառնայ դիմակայելու տագնապը եւ խնամելու սեփական քաղաքացիները։

Վերակոչելով միշտ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը գերապայծառ Եուրքովիչ խրախուսեց միացնել գիտական կարողութիւնն ու գիտելիքները, որպէսզի ամենայն թափանցիկութեամբ եւ անշահախնդիր կերպով  որոնուին պատուաստանիւթերը և անհրաժեշտ բուժման միջոցները՝ ամբողջ աշխարհի հիւանդները  բուժելու համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2020, 07:01