Վատիկանի Թանգարանները կը պատրաստուին վերաբանալու դռները։ Գերապայծառ Վերկէզ։

2019-ին Վատիկանի Թանգարաններու այցելուներու թիւը հասաւ գրեթէ 7 միլիոնի, թէեւ համաճարակի տարածումին բերումով երկու ամիսէ ի վեր Թանգարաններուն դռները փակ մնացած են։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Վատիկանի Կառավարութեան ընդհանուր քարտուղարը՝ Գերապայծառ Ֆերնանտօ Վերկէզ Ալծակա՝ խօսեցաւ Վատիկանի Թանգարաններու վերաբացումի նախապատրաստական կարգադրութիւններու  մասին:

2019-ին Վատիկանի  Թանգարաններու այցելուներու թիւը հասաւ գրեթէ 7 միլիոնի, թէեւ համաճարակի տարածումին բերումով երկու ամիսէ ի վեր Թանգարաններուն դռները փակ մնացած են։

«Ստիպուած եղանք դռները փակել այն գիտակցութեամբ թէ առողջութիւնը առաջնահերթութիւն է եւ ասոր համար վերջին մէկ ու կէս ամսուայ ընթացքին թանգարաններու աշխատաւորներու մեծ ընտանիքը, որ կ՛ընդգրկէ գրեթէ 1000 աշխատաւոր, մնացին իրենց տուները, բացի անհրաժեշտ գործերու պարագաներուն.....  այժմ կամաց կամաց կը պատրաստուին վերադառնալու իրենց առօրեայի գործունէութեան, որդեգրելով  անվտանգութեան բոլոր նոր կանոնները»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ  Վատիկանի Կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար Գերապայծառ Ֆերնանտօ Վերկէզ Ալծական Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, խօսելով Վատիկանի Թանգարաններու վերաբացումին համար ի գործ դրուած նախապատրաստական աշխատանքներու մասին։

Գերապայծառ Վերկէզ մատնանշեց թէ մեկուսացման այս շրջանին Վատիկանը եւս ինչպէս այլ թանգարաններ, առիթ ընծայեցին առցանց այցելել թանգարանները, «թէեւ, ըսաւ գերապայծառ Վերկէզ, կարիքը կայ իրականութեան։ Այն ինչ որ կենդանի կը դարձնէ թանգարանը անձերն են։ Արուեստը վայելելու համար կարիքը կայ աչքերու եւ սրտի՝ ոչ թէ լոկ պաստառներու», յարեց Ան, աւելցնելով՝ որ տակաւին չկայ ճշգրիտ թուական, սակայն նախապատրաստական աշխատանքները արդեն սկսած են։

«Բոլոր անձնակազմին համար տրամադրեցինք առողջապահութեան պահպանման յատուկ ընթացակարգ։ Անոնց գործի ժամանման պահուն, անոնց պիտի յանձնուին դիմակներ ու ձեռնոցներ, ապա պիտի չափուի անոնց մարմնի ջերմաստիճանը։ Մինչ այցելուներուն համար կը պատրաստուին «ջերմութիւնը» չափող գործիքներ։ Թանգարան կարելի պիտի ըլլայ այցելել միայն փոքր խումբերով, եւ առողջապահական  դիմակներով։

Թանգարաններու հետ միասին այցելուներուն համար կը վերաբացուին նաեւ Վատիկանի Պարտէզները, ինչպէս նաեւ Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Ամարանոցը, թէեւ առ այժմ  կարելի չէ նախատեսել այցելուներու մեծ թիւեր, ի տես քորոնժահրի բերումով որդեգրուած սահմանափակումներուն եւ զբօսաշրջութեան անորոշ իրավիճակին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2020, 13:00