Ֆրանչիսկոս Պապ եւ կարդինալ Քորթի Ֆրանչիսկոս Պապ եւ կարդինալ Քորթի 

Ոչ եւս է Նովարա թեմի երբեմնի եպիսկոպոս Կարդինալ Ռենադօ Քորթին։

Կարդինալ Ռենանդօ Քորթի, 2005 - 2015 թուականներուն եղած է փոխ նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 12 մայիսին, առաւօտեան, 84 տարեկանին   հոգին աւանդեց առ Հայր Նովարա թեմի երբեմնի եպիսկոպոս կարդինալ Ռենաթօ Քորթին։ Ան կը գտնուէր Միլանօ Քաղաքի Ռհօ շրջանի Սան Ամպրոճօ եւ Քարօ անուան վարժարանին մէջ՝ ուր բնակութիւն հաստատած էր  2011 թուականէն ի վեր։

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Ռենանդօ Քորդի, 2005 - 2015 թուականներուն եղած է փոխ նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին։

Երջանկայիշատակ ծիրանաւորը, Կարդինալ Մարթինիին կողքին վարած է Միլանօ թեմի տեղակալ եպիսկոպոսի պաշտօնը, եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ընդունելով 1981 թուականին։

1990 թուականէն, 21 տարիներ ամբողջ իբրեւ եպիսկոպոս ծառայած է Նովարա թեմին։

2016 թուականին, 80 տարեկանին Ֆրանչիսկոս Պապին անուանումով արժանացաւ կարդինալական դասին։  

Յայտնենք, թէ Կարդինալ Ներնաթօ Քորթիի վախճանման ի լուր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ ցաւակցական գիր մը  յղեց Նովարա թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Ճուլիօ Պրամպիլլային։

Ցաւակցական գիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր մօտիկութիւնը յայտնեց Եպիսկոպոսին, հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներու եւ բոլոր անոնց որոնք ճանչցած են կարդինալ Քորթին։

Նորին Սրբութիւն ապա մեծ գնահատանքով անդրադարձած է կարդինալ Քորթիին Յիսուսի մատուցած վսեմ ծառայութեան, ազնուական հոգիին եւ անխոնջ հովուական ծառայութեան աշխատանքներուն,,

Ան ապա իր աղօթքը ապահովեցուց հանգուցեալի հոգւոյն համար,  որպէսզի Տէրը,  Տիրամօր Բարեխօսութեամբ իր հաւատարիմ ծառան ընդունի յաւիտենական կեանքի մէջ։

Ցաւակցական գիրին աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ իր առաքելական օրհնութիւնները փոխանցեց բոլոր անոնց որոնք կը ողբան կարդինալի մահը, յատուկէն բոլոր անոնց որոնք վերջին տարիներուն խնամք տարին կարդինալին։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2020, 12:20