ՄԱԿ ՄԱԿ 

«Դիմադրել ամէն տեսակ խտրականութեան, պաշտպանել կրօնական ազատութիւնը» Գերապայծառ Ուրպանչիք

ԵԱՀԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, Գերապայծառ Ժանուս Ուրպանչիքի ելոյթը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ- ի Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան, 25 եւ 26 մայիսին, Վիեննայի մէջ հանդուրժողականութեան մասին գումարած նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ,  Գերապայծառ Ժանուս Ուրպանչիքը։

Ունկնդրէ լուրը


Ելոյթին մէջ Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը նկատել տալով, որ իւրաքանչիւր մարդ էակ ունի հաւասար, բնատուր եւ անքակտելի արժանապատւութիւն, որմէ կը բխի մարդկային ազատութեան հիմնական ու էական բոլոր իրաւունքները , հաստատեց, թէ խտրականութիւնը ինքնիր մէջ արդարադատութեան խախտումի սկզբունք մըն է ։  

Ելոյթին մէջ Գերապայծառ Ուրպանչիք դատապարտեց ԵԱՀԿի տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցող մարդու դէմ կատարուած սպառնալիքի, բռնութեան, խտրականութեան բոլոր արարքները, որոնք բազմապատկուած  են համաճարակի տագնապի այս օրերուն։

Ան ապա անդրադառնալով համացանցի օգտագործման, նամանաւանդ համաճարակի առողջապահական տագնապի այս օրերուն նկատել տուաւ, որ թուայնային տարածքը կարող է դառնալ մշակութային, ազգային և կրօնական խումբերու դէմ ժխտման կամ հրահրման վայրեր, կամ անպատկառելի վերաբերմունքի խթանում եւ այս բոլորը կարող է հանգեցնել բռնութեան:

Ի վերջոյ Գերապայծառ Ուրպանչիք յորդորեց աշխատիլ կրօնական բազմազանութեան եւ ընկերութեան հանդուրժողականութեան ի սպաս, որ կը ճանչնայ բազմամշակութային արժէքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2020, 12:02