Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովի անդամները Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովի անդամները 

Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովի պատգամը՝ աղօթք մարդկութեան համար։

Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովի» անուանումով, որ շաբաթ 2 մայիս 2020-ին, հրապարակեց 13 լեզուներով թարգմանուած պատգամ մը, որուն մէջ հրաւէր ուղղեց համայն մարդկութեան՝ միացնելու ձայները ու աղերսելու առ Աստուած, որպէսզի մարդկութիւնը ազատէ համաճարակէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ապու Տապիի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհար Համալսարանի աւագ Իմամին միջեւ ստորագրուած Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթին գործադրութեան ուղղութեամբ, ծնունդ առած էր տարբեր կրօններու պատկան անդամներէ կազմուած խառն յանձնախումբ մը՝ «Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովի» անուանումով, որ շաբաթ 2 մայիս 2020-ին, հրապարակեց պատգամ մը, որուն մէջ հրաւէր ուղղեց համայն մարդկութեան՝ միացնելու ձայները ու աղերսելու առ Աստուած, որպէսզի  մարդկութիւնը ազատէ համաճարակէն։

Յանձնաժողովը ապա առաջարկ ներկայացուց որ յառաջիկայ 14 մայիսը ըլլայ աղօթքի ու ծոմապահութեան օր։ 

Պատգամը ուղղուած է «Արարիչ Աստուծոյ հաւատացող եղբայրներուն, ու ամենուրէք մարդկայնութեամբ  եղբայրներուն»։ 

«Մեր աշխարհը այսօր կը դիմագրաւէ լուրջ պատուհաս մը՝ որ կը սպառնայ համայն մոլորակի միլիոնաւոր  մարդոց կեանքին,  Քորոնավիրուսի (Քովիտ19) արագ տարածումը» գրուած է պատգամին մէջ ուր հաստատելով բժիշկներու ու գիտական մարզի որոնումի աշխատանքի դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝  համաճարակի դիմագրաւման աշխատանքի ծիրէն ներս,  կոչ կ՛ուղղուի  նաեւ «չի մոռնալ դիմելու Արարիչ Աստուծոյ»։ 

«Կը հրաւիրենք համայն աշխարհի բոլոր մարդիկը, աղօթքով դիմելու Աստուծոյ, աղաչելով, ծոմապահութիւն եւ ողորմութեան արարքներ կատարելով, ամէն մէկը իր կրօնի, հաւատքի ու վարդապետութեան համաձայն, որպէսզի Ամենակալը ոչնչացնէ այս համաճարակը, մեզ փրկէ այս տանջանքէն, օգնէ գիտնականներուն՝որպէսզի  անոնք վիրուսը յաղթահարելու բուժումը գտնեն եւ աշխարհը ազատէ՝ այս ծանր վարակումի տարածումէն յառաջ եկած առողջապահական, տնտեսական ու մարդկայնական հետեւանքներէն» գրուած է պատգամին մէջ ուր ապա նշուած է՝ թէ  Բարձրագոյն Յանձնաժողովը, Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթի նպատակներու հիման վրայ, կ՛առաջարկէ յառաջիկայ 14 մայիսը հռչակել՝  «աղօթքի, ծոմապահութեան ու մարդկութեան համար աղերսի օր»։

Այս ուղղութեամբ համայն աշխարհի կրօնապետերն ու մարդիկը հրաւիրուած են համապատասխանելու այս մարդկայնական հրաւէրին, ու «դիմելու Աստուծոյ միասնական ձայնով, որպէսզի Ան պահպանէ մարդկութիւնը, օգնէ անոր՝ յաղթահարելու համար այս համաճարակը, վերահաստատէ ապահովութիւնը, կայունութիւնը, առողջութիւնն ու բարօրութիւնը ու համաճարակը վերացնելով մեր աշխարհը դարձնէ  աւելի մարդկային եւ եղբայրական» նշուած է Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովի յղած պատգամին մէջ։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2020, 14:09